image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի զօրքեր պիտի շարունակեն մնալ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի «անվտանգութեան գօտիներ»ուն մէջ

Իսրայէլի զօրքեր պիտի շարունակեն մնալ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի «անվտանգութեան գօտիներ»ուն մէջ

 

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացը յուլիս 16-ին իր ամերիկացի պաշտօնակից Փիթ Հեկսեթի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Իսրայէլ վճռակամ է պահպանելու իր զինուորական ներկայութիւնը Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կազայի հատուածին մէջ ստեղծուած «անվտանգութեան գօտի»ներուն մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Al Jazeera-ն։

Քացի գրասենեակի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ նախարարին համաձայն՝ զինուորական ուժերուն ներկայութիւնը անհրաժեշտ է «Իսրայէլի սահմանները եւ սահմանամերձ բնակավայրերը ճիհատական ուժերու սպառնալիքներէն պաշտպանելու համար»։