image

Գիշերուան ընթացքին ԱՄՆ եւ Իրան փոխադարձ hարուածներ հասցուցած են իրար

Գիշերուան ընթացքին ԱՄՆ եւ Իրան փոխադարձ hարուածներ հասցուցած են իրար

Միացեալ Նահանգներու զինուորականներն աւարտած են Իրանի ուղղութեամբ հերթական հարուածներու շարքը, յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM)։

«CENTCOM-ը Իրանի դէմ հարուածներու երեկոյեան ալիքն աւարտած է յուլիս 15-ին՝ ԱՄՆ արեւելեան ափի ժամանակով ժամը 21:00-ին: ԱՄՆ զինուած ուժերը խոցած են իրանական հրամանատարական կեդրոններ, ՀՕՊ համակարգերու, հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու տեղակայման վայրեր, ինչպէս նաեւ առափնեայ դիտակէտեր», -ըսուած է հրամանատարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ինչպէս նշած են CENTCOM-էն, ամերիկեան զինուորականները կիրառած են բարձր ճշգրտութեան զինամթերք, հարուածներ հասցուած են, ի թիւս այլ վայրերու, նաեւ Պանտար-Ապպաս քաղաքին։

Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը իր հերթին հարուածներ հասցուցած է Քուէյթի մէջ ԱՄՆ Ալի ալ-Սալեմ ռազմակայանին մէջ ամերիկացի զինծառայողներու տեղակայման վայրին։

«Քուէյթի Ալի ալ-Սալեմ օդուժի ռազմակայանի C-RAM վաղ նախազգուշացման ռատարային համակարգը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան զօրքերու տեղակայման շրջանը դարձած են համակցուած հարուածի թիրախներ «Նասր-2» գործողութեան ութերորդ ալիքի ընթացքին»,- Press TV հեռուստաալիքը մէջբերած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի յայտարարութիւնը։

Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ուժերը հարուածներ հասցուցած են նաեւ Յորդանանի մէջ ամերիկեան Ալ-Ազրաք ռազմակայնին։ Այս մասին յայտնած է Mehr գործակալութիւնը։

Վերջինիս տուեալներով՝ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը խոցած է ԱՄՆ Զինուած ուժերու կապի համակարգերը եւ վառելիքի պահեստները։