Մոսկուա կը սպասէ, որ Երեւանն ու Պաքուն համաձայնեցնեն «3+3» հարթակի մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպման վայրը։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յիշեցուցած է, որ համապատասխան պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած նիստի արդիւնքներուն հիման վրայ։
««3+3» հարթակի առաջին փորձագիտական նիստին, որ տեղի ունեցած է Յունիս 5-ին Սենթ Փեթերսպուրկի տնտեսական համաժողովի շրջածիրէն ներս, մասնակիցները աշխուժօրէն արտայայտուած են՝ առանց քաղաքականացնելու, կեդրոնանալով փոխշահաւէտ յստակ տնտեսական նախագիծերու վրայ։ Մենք լիովին կը համաձայնինք այդ մօտեցման հետ»,– նշած է ան։