image

«Դուն բացակայ ես մեր աչքերէն, բայց ներկայ՝ իւրաքանչիւր շունչի եւ իւրաքանչիւր յիշողութեան մէջ». Նորա Մելոյեան Սեւակեանի սրտառուչ գրառումը

«Դուն բացակայ ես մեր աչքերէն, բայց ներկայ՝ իւրաքանչիւր շունչի եւ իւրաքանչիւր յիշողութեան մէջ». Նորա Մելոյեան Սեւակեանի սրտառուչ գրառումը

Սիրելիի մը կորուստը միայն բաժանում չէ։ Ան խոր դատարկութիւն մըն է, որ կը մնայ տան լռութեան, առօրեայ սովորութիւններուն եւ ամէնէն պարզ յիշողութիւններուն մէջ։ Յատկապէս երբ հեռացողը ընտանիքի սիւնն էր, գուրգուրոտ հայր, նուիրեալ ամուսին եւ կեանքի անփոխարինելի ընկեր, անոր բացակայութիւնը կը դառնայ ամէնօրեայ ցաւ ու կարօտ։

Սահակ Սեւակեանի մահուան քառասունքին առթիւ, անոր կողակիցը՝ Նորա Մելոյեան-Սեւակեան, սրտի խոր կսկիծով գրառում մը կատարած է՝ իր եւ զաւակներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք ծանր սուգի օրերուն իրենց ներկայութեամբ, խօսքով, աղօթքով ու զօրակցութեամբ բաժնեկից դարձան ընտանիքի վիշտին։

Նորա Մելոյեան-Սեւակեան կը գրէ․

Սիրելի հարազատներ, բարեկամներ, ընկերներ եւ ընկերուհիներ,

Յունիսի 6-ի յետմիջօրէին, վշտահար ու սրտի անբացատրելի կսկիծով հրաժեշտ տուինք մեր ընտանիքի սիւնին, մեր գուրգուրոտ ու բարեսիրտ հօր եւ իմ աննման ու զօրակից կեանքի ընկերոջս՝ Սահակին։

Անակնկալ ու անսպասելի դաժան մահը մեզմէ առյաւէտ տարաւ Սահակը, որուն բացակայութեան ցաւը օր ըստ օրէ աւելի կը սաստկանայ ու կը խորանայ։

Այս դժուար ու ծանր օրերուն իմ եւ զաւակներուս մեծագոյն մխիթարանքը եղաւ մեզ շրջապատող մօտիկ եւ հեռու հարազատներու, ընկերներու եւ ընկերուհիներու, հայկական միութենական, հոգեւոր եւ ազգային տարբեր կառոյցներու ցուցաբերած սփոփանքն ու զօրակցութիւնը՝ զանազան միջոցներով եւ կեցուածքներով։

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք մեր կողքին եղան՝ թէկուզ հեռաձայնով, ձայնային եւ գրաւոր զօրակցական պատգամներով, թաղման արարողութեան ներկայ գտնուելով, այցելութիւններով, ծաղկեպսակներով, փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններով, ցաւակցական նամակներով, բացիկներով եւ այլ միջոցներով։

Թող ձեր սիրելիները մնան ողջ ու առողջ, ըլլան անպակաս ձեր կեանքէն, եւ երբեք սրտակիցի կորստեան ցաւ չտեսնէք։

Հանգուցեալի քառասունքին առթիւ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, 19 Յուլիսին, Հայ Առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ։

Հրաւիրուած են մեր թանկագին հարազատին՝ Սահակ Սեւակեանի յիշատակը յարգող բոլոր անձերը։

«Ամուսին, ընկեր, հայր եւ կեանքի լոյս…

Դուն բացակայ ես մեր աչքերէն, բայց ներկայ՝ իւրաքանչիւր շունչի եւ իւրաքանչիւր յիշողութեան մէջ։

Թէեւ կեանքիդ շղթան կտրուեցաւ կարճ, սակայն հոգիս խոցող կարօտդ պիտի ապրի յաւերժ»։