Իրաքի «Ալ Նասրիյա» քաղաքին մէջ ծագած հրդեհի մը հետեւանքով 40 անձեր զոհուած են։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Skynews Arabya կայանէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը հաղորդէ, որ մեծ հրդեհը ծագած է «Ալ Նասրիայա» քաղաքի «Ալ Հիւսէյն հիւանդանոցին մէջ եւ այն ծագած է «Քովիտ»ով վարակուած հիւանդներու մեկուսարանին մէջ։
Ըստ վերջին տուեալներուն հրդեհը եղած է թթուածինի պահեստարանի մը պայթումին հետեւանքով։
Կը նշուի նաեւ, որ կրակին հետեւանքով տասնեակ դիակներ ածխացած են, իսկ ԱԻՆ մարմիններու ճիգերով աւելի քան տարբեր մակարդակի 70 վիրաւորեալներ դուրս բերուած են հիւանդանոցէն։
Յիշեցնենք, որ «Ալ Նասրիա» քաղաքը կը համարուի «Զի Քար» նահանգի շրջկեդրոն քաղաք եւ հրդեհը առաջինը չէ իր տեսակին մէջ Իրաքի մէջ։
Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Ալ Քազէմի թողած է իր հերթական աշխատանքները եւ ուղեւորուած դէպքի վայր։