image

Փաշինեանի կառավարութիւնը արտահերթ նիստ պիտի գումարէ 12 Յուլիսին

Փաշինեանի կառավարութիւնը  արտահերթ նիստ պիտի գումարէ 12 Յուլիսին

ՀՀ կառավարութիւնը այսօր՝ 12 Յուլիսին, արտահերթ նիստ հրաւիրած է։ Այս մասին կը տեղեկանանք Կառավորութեան պաշտօնական կայքէջէն։

Օրակարգի վրայ միայն մէկ հարց է՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան 2022-2024 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պարտքի բեռի նուազեցման 2022-2026 թուականներու ծրագիրը հաստատելու մասին» նախագիծը:

Նախագիծով ՀՀ Ելեւմուտքի նախարարութիւնը կ'առաջարկէ 2022-2026թթ. համար սահմանել տարեկան միջինը 7% տնտեսական աճի ցուցանիշ: