Փաշինեան ընդունեց Nouvelles D՚Armenie թերթի խմբագիր՝ Արա Թորանեանը:
Այս մասին կը տեղեկանանք կառավարութեան պաշտօնականէն էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ, թէ Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանը
Արա Թորանեանն անդրադարձած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի գործունէութեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեանն ուղղուած գործողութիւններուն եւ այդ երկրի իշխանութիւններու հետ համագործակցութեան ընթացքին: Պարոն Թորանեանը կարեւորած է հայրենիքի մէջ կայունութեան ապահովումն ու ստեղծուած խնդիրներու լուծման գործով Սփիւռքի հետ հետեւողական ու շարունակական համագործակցութիւնը: «Բարձր գնահատանքի արժանի է Ձեր բռնած ճանապարհը ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդման գործին մէջ: Մենք եղած են կը կը շարունակենք մնալ հաւատարիմ մեր հայրենիքի պետականութեան պաշտպանութեան եւ զարգաման գործին»,- ըսած է Արա Թորանեանը: