image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր իրավիճակ Հալէպի մէջ. Ահաբեկիչ զինեալներ հարուածած են կանանց հիւանդանոց մը

Ծանր  իրավիճակ Հալէպի  մէջ. Ահաբեկիչ զինեալներ հարուածած են կանանց  հիւանդանոց մը

Հալէպի   մէջ  այսօր դժոխային իրավիճակ կը տիրէ:  Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Սուրիոյ  պատերազմին մասնակից ահաբեկիչ զինեալներ հրթիռներ նետած են Հալէպի     «Ալ Տըպպիթ»  անունով հիւանդանոցին  վրայ, որուն  հետեւանքով զոհուած  են  11 անձեր: Կը հաղորդուի, որ   հիւանդանոցը   կանանց յատուկ հիւանդանոց է: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին.  այս  5-րդ  հիւանդանոցն է , որ  վերջին     մէկ շաբթուան ընթացքին    հրթիռարձակումներու թիրախ կը դառնայ: «Ալ Մայատին»ի լրագրողին համաձայն,   սոյն գրոհը   կատարող  զինեալները կը պատկանին «Ալ Պատըր» խմբաւորման, որ կը համարուի  Թուրքիոյ զօրակցութիւնը  վայելող «Ալ Նըսրա»  ճակատին   դաշնակից  խմբաւորում մը:       Այսօրուան հրթիռարձակումներուն  հետեւանքով    զոհուածներուն թիւը կը հասնի 25-ի եւ  զոհերուն մեծամասնութիւնը  անզէն  քաղաքայիններ են կամ   բուժման համար  հիւանդանոց գտնուող  հիւանդներ: Հայ  զոհերու կամ վիրաւորներու մասին մինչեւ այս պահը  տեղեկութիւն չի փոխանցուիր: