Օրերս, Արաբական աշխարհի յայտնի երգիչ, Եգիպտոսի երաժշտական արհեստի սենտիքայի ներկայացուցիչ՝ Հանի Շաքէր փոխադրուած է «Ալ Սաֆա» հիւանդանոցի ծայրագոյն խնամքի բաժին, սրտի հետ կապուած առողջական խնդիրներու հետեւանքով:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Skynewsarabia կայքէն:
Հանրաճանաչ երգիչը,որ նոյն օրը, մեծ ելոյթ պիտի ունենար Եգիպտոսի Օփերային մէջ, Դիմատետրի իր էջով տեսաերիզ հրապարակած է, ուր ներողութիւն խնդրած իր երկրպագուներէն, եւ խոստացած, որ անպայման կրկին կը հանդիպի իր սիրելի ժողովուրդին հետ, ու կը կատարէ անոնց սիրած երգերը:
«Սիրելիներ, ի ցաւօք սրտի, այսօր լաւ չեմ զգար, սիրտս անկանոն կ'աշխատի, ես եկայ հիւանդանոց որոշ հետազօտութիւններ կատարելու, գոնէ 48 ժամ այստեղ պէտք է մնամ», շարունակած է Հանի Շաքէր, ապա եզրափակած ըսելով, թէ իր երկրպագուներն ու հետեւորդները, իր կեանքին համն ու հոտն են:
Յիշեցնենք, որ Հանի Շաքէրի թողարկած վերջին երգի՝ «Եթէ թոյլ կուտաք» տեսահոլովակի Youtube-ի դիտարկումը հատած է մէկ միլիոնի սահմանները: