Հալէպի մէջ այսօր դժոխային իրավիճակ կը տիրէ: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Սուրիոյ պատերազմին մասնակից ահաբեկիչ զինեալներ հրթիռներ նետած են Հալէպի «Ալ Տըպպիթ» անունով հիւանդանոցին վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած են 11 անձեր: Կը հաղորդուի, որ հիւանդանոցը կանանց յատուկ հիւանդանոց է: Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին. այս 5-րդ հիւանդանոցն է , որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին հրթիռարձակումներու թիրախ կը դառնայ: «Ալ Մայատին»ի լրագրողին համաձայն, սոյն գրոհը կատարող զինեալները կը պատկանին «Ալ Պատըր» խմբաւորման, որ կը համարուի Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող «Ալ Նըսրա» ճակատին դաշնակից խմբաւորում մը: Այսօրուան հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուածներուն թիւը կը հասնի 25-ի եւ զոհերուն մեծամասնութիւնը անզէն քաղաքայիններ են կամ բուժման համար հիւանդանոց գտնուող հիւանդներ: Հայ զոհերու կամ վիրաւորներու մասին մինչեւ այս պահը տեղեկութիւն չի փոխանցուիր: