image

Պրազիլիոյ նախագահը դէպի հիւանդանոց

Պրազիլիոյ նախագահը դէպի հիւանդանոց
Պրազիլիոյ նախագահ Ժաիր Պոլսոնարուն 14 Յուլիսին հիւանդանոց տեղափոխած են մօտ 2 շաբաթ տեւող քրոնիկ զկռտոցի (hiccup) պատճառով, յայտնած է Associated Press-ը։
 
Ան կը գտնուի Պրազիլ քաղաքի բանակային հիւանդանոցը եւ, ըստ տեղեկութիւններու, «արդէն լաւ կը զգայ»:
 
Վերջին շաբաթներու ընթացքին Պոլսոնարուն խօսելու ընթացքին քանի մը անգամ դժուարութիւններ ունեցած է զկռտոցի պատճառով: Ռատիոյով ելոյթ ունենալու ժամանակ ան ներողութիւն խնդրած էր ունկնդիրներէն եւ ըսած, որ արդէն քանի օր է կը զկռտայ եւ 24 ժամ շարունակ:
 
Պրազիլիոյ նախագահը հաւանաբար անյապաղ վիրահատութեան պիտի ենթարկուի աղիքային խցանման պատճառով:
 
Նախագահը հիւանդանոց տեղափոխելու որոշումը կայացուցած էր նախագահի աշխատակազմին մէջ գործող բժշկական խումբը՝ որովայնի շրջանին ցաւի պատճառները պարզելու համար։ 
 
Պոլսոնարուն 2018 թուականի նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ դանակահարուած էր՝ վնասելով աղիքները: Քրոնիկ զկռտոցը կ'առաջանայ հիմնական աղիքներու խցանման հետեւանքով, որու պարագային վիրահատութիւնը պարտադիր է։