image

Իրան բանակցութիւններ վարած է քաթարցի միջնորդներու հետ.Արաքչի

Իրան բանակցութիւններ վարած է քաթարցի միջնորդներու հետ.Արաքչի

 

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի յայտարարած է, որ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է քաթարցի միջնորդներու հետ՝ քննարկելու Հորմուզի նեղուցի վերաբացման առաջարկը, եւ յոյս ունի մօտ օրէն ստանալու ԱՄՆ-ի պատասխանը Թեհրանի առաջարկներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Al Jazeera»-ն։

Ըստ հրապարակման՝ Արաքչի լրագրողներուն յայտնած է, որ քաթարցի միջնորդները հանդիպման ընթացքին քննարկուած գաղափարները պիտի փոխանցեն ԱՄՆ-ին։ Թեհրան կը յուսայ Ուաշինկթընի վերջնական պատասխանը ստանալ յառաջիկայ օրերուն։

«Մենք քննարկեցինք գաղափարներ, ինչպէս նաեւ այն հարցը, թէ ինչպէս գտնել լուծումներ՝ Իրանի պայմանները բաւարարելու եւ զանոնք իրագործելու համար։ Անոնք որոշ գաղափարներ ունէին, եւ մենք քննարկում ունեցանք. անոնք այդ գաղափարները պիտի ներկայացնեն նաեւ ամերիկեան կողմին»,– ըսած է Արաքչի։

Հարցին, թէ արդեօք ինք պիտի մնայ Նիւ Եորքի մէջ՝ ԱՄՆ-ի պատասխանին սպասելու համար, Արաքչի պատասխանած է, որ քանի մը ժամէն պիտի վերադառնայ Թեհրան։

Սեպտեմբեր 25-ին Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, Իրանը յայտարարած էր, որ իր ծրագիրով ԱՄՆ-ին կոչ կ՚ըլլայ ապասառեցնելու իրանական միջոցները, վերացնելու պատժամիջոցները եւ դադրեցնելու իրանական նաւահանգիստներու ծովային շրջափակումը։ Արաքչիի խօսքով՝ այդ քայլերը կարելի է կատարել չորս կամ հինգ օրուան ընթացքին՝ թոյլ տալով վերաբանալ Հորմուզի նեղուցը եւ մէկ շաբաթուան ընթացքին բանակցութիւններ սկսիլ վերջնական համաձայնագիրի շուրջ, ներառեալ Իրանի միջուկային ծրագիրին վերաբերող հարցերը։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, սակայն, մերժած էր այս ծրագիրը՝ զայն որակելով «անընդունելի»։

Միեւնոյն ժամանակ ամերիկացի պաշտօնեան «Al Jazeera»-ին յայտնած է, որ իրանական կողմին հետ անուղղակի բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Ըստ աղբիւրին՝ բանակցութիւնները «դրական եւ կառուցողական» են, սակայն համաձայնութիւն պիտի չըլլայ, մինչեւ չլուծուի Իրանի միջուկային ծրագիրի հարցը։