image

Իրանի խորհրդարանը պիտի քննարկէ Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագիրէն դուրս գալու նախագիծը

Իրանի խորհրդարանը պիտի քննարկէ Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագիրէն դուրս գալու նախագիծը

 

Իրանի խորհրդարանը պիտի քննարկէ երկիրը Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագիրէն դուրս բերելու վերաբերեալ օրինագիծը։ Խորհրդարանի փոխնախագահ Ալի Նիքզատի խօսքով՝ նախագիծը պաշտօնապէս ներկայացուելէ ետք պիտի քննարկուի նոյն օրը։

Անոր խօսքով՝ խորհրդարանը պիտի քննարկէ նաեւ պայմանագրէն հնարաւոր դուրս գալու միջազգային իրաւական եւ քաղաքական հետեւանքները։

Միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագիրը Իրանին կ՚արգիլէ միջուկային զէնք ստեղծել կամ ձեռք բերել եւ կը նախատեսէ միջազգային վերահսկողութիւն երկրի միջուկային ծրագիրին նկատմամբ։

Իրանի խորհրդարանի յայտարարութիւնը կը հնչէ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ շարունակուող հակամարտութեան եւ միջուկային ծրագրին շուրջ ընթացող բանակցութիւններու շրջածիրէն ներս։