image

«Թուրքիոյ ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բոլոր գաղտնիքները ես շատ լաւ գիտեմ». Ժուլիան Ասանժ

«Թուրքիոյ ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բոլոր գաղտնիքները ես շատ լաւ գիտեմ». Ժուլիան Ասանժ

Աւստրալացի յայտնի լրագրող եւ հեռուստահաղորդավար, WikiLeaks- ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը, որ իր դէմ հանած է ԱՄՆ-ի գրեթէ բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ հրապարակած է հարիւր հազարաւոր գաղտնի փաստաթուղթեր Աֆղանստանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմներու մասին, տեղեկութիւններ ունի նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան գաղտնի արխիւներու վերաբերեալ։

Ան բազմիցս անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին եւ իր Twetter-ի էջին գրած է․ «Թուրքիան ամէն կերպ կը փորձէ թաքցնել Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմաչտութիւնը։ Ես այդ մասին գիտեմ, ես ուսումնասիրած եմ փաստերը, իսկ Թուրքիան կը փորձէ թաքցնել ճշմարտութիւնը»:

Wikileaks-ի մէջ բազմիցս հրատարակուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի վերաբերեալ տարբեր գաղտնազերծուած նիւթեր: Մասնաւորապէս, կազմակերպութիւնը 2016 թուականի հոկտեմբերին հրապարակեց Ճոն Փոտեստայի, որ կը գլխաւորէր ԱՄՆ-ի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլարի Քլինթընի նախընտրական շտապը, նամակներու մէկ մասը, որուն մէջ ընտրական քարոզչութեան շրջածիրէն ներս կը քննարկուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող «ցեղասպանութիւն» եզի օգտագործման հնարաւորութիւնը:

Ասանժը մասնակցած է նաեւ «Ժխտման ճարտարապետները» ֆիլմի նկարահանումներուն։ Ֆիլմը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ կողմէն ժխտման, 1988-ին Ատրպէյճանահայերու կոտորածի, 2016-ին Ատրպէյճանի կողմէ հայկական գիւղերու վրայ յարձակումներու, Թալիշի ոչնչացման եւ ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտման մասին: