image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է իր հարստացուած ուրանը յանձնելու ԱՄՆ-ին

Թրամփ յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է իր հարստացուած ուրանը յանձնելու ԱՄՆ-ին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը պնդած է, որ Իրանի հետ կարգաւորման առաջարկը կը նախատեսէ Թեհրանի հրաժարումը միջուկային զէնքէն եւ «միջուկային փոշի»-ի յանձնումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Այս մասին ան ըսած է լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ, որուն տեսանիւթը տարածած է «Fox News»-ը։

Թրամփին հարց ուղղուած է Իրանին ներկայացուած ամերիկեան առաջարկին մասին՝ ուղղուած հակամարտութեան դադրեցման։

«Այդ աւելի է, քան մէկ էջանոց առաջարկ։ Այդ առաջարկ է, որ, ըստ էութեան, կ՚ըսէ, որ անոնք միջուկային զէնք պիտի չունենան։ Անոնք պատրաստ են մեզի յանձնելու միջուկային փոշին եւ շատ այլ բաներ, որոնք մենք կ՚ուզենք»,- ըսած է Թրամփը։

Ան նշած է, որ Իրան համաձայնած է ատոր՝ սակայն աւելցուցած, որ «յաջորդ օրը անոնք կը մոռնան, թէ ինչի համաձայնած են»։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը «միջուկային փոշի» կը կոչէ բարձր հարստացուած ուրանը, որ կը գտնուի Սպահանի, Նաթանզի եւ Ֆորտոյի միջուկային կեդրոններուն մէջ, որոնց դէմ Միացեալ Նահանգներ օդային հարուածներ հասցուցած էր 2025 թուականի Յունիսին։

Ինչ կը վերաբերի համաձայնութեան հասնելու ժամկէտներուն, Թրամփ նշած է, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ որեւէ օր, բայց կրնայ նաեւ տեղի չունենալ։

«Կարծեմ՝ անոնք աւելի շատ գործարք կ՚ուզեն, քան ես»։

Թրամփը նաեւ յայտարարած է, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նոր հարուածներու փոխանակման՝ հրադադարը կը պահպանուի։

 

«Անոնք խաղցան մեզի հետ։ Մենք զանոնք ջախջախեցինք»,- նշած է ան։