Աւստրալացի յայտնի լրագրող եւ հեռուստահաղորդավար, WikiLeaks- ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը, որ իր դէմ հանած է ԱՄՆ-ի գրեթէ բոլոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ հրապարակած է հարիւր հազարաւոր գաղտնի փաստաթուղթեր Աֆղանստանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած պատերազմներու մասին, տեղեկութիւններ ունի նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան գաղտնի արխիւներու վերաբերեալ։
Ան բազմիցս անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին եւ իր Twetter-ի էջին գրած է․ «Թուրքիան ամէն կերպ կը փորձէ թաքցնել Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմաչտութիւնը։ Ես այդ մասին գիտեմ, ես ուսումնասիրած եմ փաստերը, իսկ Թուրքիան կը փորձէ թաքցնել ճշմարտութիւնը»:
Wikileaks-ի մէջ բազմիցս հրատարակուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայի վերաբերեալ տարբեր գաղտնազերծուած նիւթեր: Մասնաւորապէս, կազմակերպութիւնը 2016 թուականի հոկտեմբերին հրապարակեց Ճոն Փոտեստայի, որ կը գլխաւորէր ԱՄՆ-ի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլարի Քլինթընի նախընտրական շտապը, նամակներու մէկ մասը, որուն մէջ ընտրական քարոզչութեան շրջածիրէն ներս կը քննարկուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող «ցեղասպանութիւն» եզի օգտագործման հնարաւորութիւնը:
Ասանժը մասնակցած է նաեւ «Ժխտման ճարտարապետները» ֆիլմի նկարահանումներուն։ Ֆիլմը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ կողմէն ժխտման, 1988-ին Ատրպէյճանահայերու կոտորածի, 2016-ին Ատրպէյճանի կողմէ հայկական գիւղերու վրայ յարձակումներու, Թալիշի ոչնչացման եւ ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտման մասին: