image

Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներուն դէմ առկայ ատելութիւնը խօսքէն ... անցած է գործի. Յակոբ Դաւիթեան

Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներուն դէմ առկայ ատելութիւնը  խօսքէն ... անցած է գործի. Յակոբ  Դաւիթեան

«Արեւելք»ի   հարցերուն  կը պատասխանէ Սուրիոյ  պատերազմին հետեւանքով  շրջան մը Պոլիս    ապրած  եւ ներկայիս Գանատա հաստատուած  Յակոբ Դաւիթեան.


-Գիտենք,  որ  Թուրքիոյ  տարբեր  քաղաքներուն մէջ հաստատուած  սուրիացի   փախստականներուն վիճակը  այդքան  ալ նախանձելի չէ: Ի՞նչ կրնաք  ըսել  այդ մասին։ 


Թուրքիոյ մէջ սուրիացի   փախստականներուն հանդէպ միշտ  ալ եղած են վերապահութիւններ, սակայն  մինչեւ   քանի   մը  ամիս առաջ սուր հարցեր չկային։   Ճիշդ է,  որ ժողովրդային մակարդակով  սուրիացիներու նկատմամբ անհանդուրժողութեան շշուկներ  կը լսուէին, սակայն   այդ  բոլորը կը մնային   խօսքի սահմաններուն  մէջ։ Իսկ  ներկայ  պահուս    պարզ սկսած է դառնալ, որ  Պոլսոյ, Այնթապի, Ուրֆայի  եւ այլ  քաղաքներու մէջ    թուրք քաղաքացիներ    անցած են  երեւելի գործողութիւններու  եւ ըստ երեւոյթին մինչեւ երէկ   խօսքի սահմաններուն  մէջ      մնացող  ատելութիւնը  սկսած է  իր պարունակէն դուրս  գալ եւ    վերածուիլ ուղղակի   հալածանքի։ 

 

-Իսկ ի՞նչ  են ատելութեան  իրական  պատճառները։

 

Պատճառները շատ են, հիմնական պատճառը   սակայն Թուրքիոյ տնտեսական ծանր վիճակն է։

Կայ  նաեւ սուրիացիներու հարցը քաղաքական կռուախնձորի վերածելու երեւոյթը, եւ  վերջին  ՏԻՄ ընտրութիւններուն  ընթացքին իշխող «ԱԶԿ»  կուսակցութեան     կրած   պարտութիւնը՝  Անգարայի, Իզմիրի եւ յատկապէս Իսթանպուլի մէջ։   

Չմոռնանք  նաեւ, որ Թուրքիոյ այսօրուան  իշխանութիւնները, ինչպիսի  ժխտական  կեցուածք   ունին    Սուրիոյ  իշխանութիւններուն  հանդէպ, այդ մէկն  ալ մեծապէս  կ՚ազդէ  ընդհանուր մթնոլորտին  վրայ։   

 

Եթէ մասնաւորենք  եւ յղում  կատարենք    սուրիացի փախստականներու մասին գրող կարգ մը աղբիւրներու, ապա պիտի նկատենք, որ  կարգ մը   պարագաներու   ատելութիւնը ուղղակի անձնաւորուած  է: Ի՞նչ  է  այդ  երեւոյթին իրական պատճառը։

Ինչ կը վերաբերի ներքին հասկացողութեան, երեւութապէս՝ սուրիացի բանուորի աժան վարձատրութեամբ աշխատելու պատճառով թուրք  բանուորը  անգործ կը մնայ եւ այդ մէկը  պատճառ կը դառնայ, որ հասարկութեան մէջ  առկայ վիհն  ու զատողութիւնը    խորանան։  Այլ առումով ալ  կան  խօսակցութիւններ, որ վերջին  շրջանին    թրքական հպատակութիւն ստացած  սուրիացի  քուէարկողներ      այսպէս ասած  դաւաճանեցին  իշխանութեանը եւ իրենց քուէները  տուին ընդդիմադիր ճակատին։ Այդ մէկը երեւի  տեղի ունեցաւ մասնաւորապէս  Պոլսոյ մէջ,  այս տեղեկութիւնը  ամբողջապէս ճշդուած     տեղեկութիւն մը չէ, սակայն   այդպիսի  խօսակցութիւններ    վերջին   շրջանին  լսելի   սկսան  դառնալ։  Թուրքիոյ իշխանութիւնները  կը    խորհէին,որ անոնք (սուրիացի   փախստականները, խմբ.) հպատակութիւն    ձեռք  ձգելով   իրենց քուէները  իշխանութեան   պիտի տան եւ այդպէս այդպիսով, որոշ «քրիթիք» շրջաններու   մէջ   որոշ հաւասարակշռութիւն  մը պիտի  կերտեն, սակայն  ինչպէս  վերը  ըսի այդպէս չեղաւ։