Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընն ընդհատած է այցը Նիւ Եորք, ուր ան կը մասնակցէր ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանին՝ խորհրդարանի աշխատանքը դադրեցնելու անօրինականութեան մասին Գերագոյն դատարանի որոշման պատճառով, կը հաղորդէ Sky News հեռուստաալիքը:
Երեքշաբթի Գերագոյն դատարանի դատաւորները միաձայն Ճոնսընի որոշումը՝ խորհրդարանի աշխատանքը դադրեցնելու մասին, անօրինական ճանչցած են, ինչը մեծ սպառնալիք կը հանդիսանայ վարչապետի եւ իշխող Պահպանողական կուսակցութեան համար, ուստի Ճոնսընը դադրեցուցած է այցը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ նախքան Նիւ Եորքը լքելը, Ճոնսընը «ստիպուած եղած է Գերագոյն դատարանի նուաստացուցիչ որոշման մասին» յայտնել Էլիզապէթ 2-րդ թագուհիին:
Ներկայ պահին Brexit-ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը փակուղի մտած է. երկրի խորհրդարանը դէմ է ԵՄ-ի հետ համաձայնագրին՝ անոր ներկայիս տեսքով, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կտրականապէս դէմ է առանց համաձայնագրի ԵՄ-էն դուրս գալու տարբերակին: ԵՄ-ն, իր հերթին, կը հրաժարի վերականգնել բանակցութիւնները եւ վերանայիլ համաձայնագիրը: Վարչապետ Ճոնսընը կը հաւաստիացնէ, որ Մեծ Բրիտանիան 31 հոկտեմբերին դուրս պիտի գայ ԵՄ-էն՝ համաձայնագրի առկայութեամբ, թէ առանց անոր: 17-18 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական խորհուրդի նիստը, որ, ըստ էութեան, պիտի հանդիսանայ Միացեալ Թագաւորութեան եւ ԵՄ-ի` մինչեւ Brexit-ի վերջնաժամկէտը որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու վերջին հնարաւորութիւնը:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ