image

Տաւուշի խնդրով Թուրքիան իւղ լեցուց կրակին վրայ.Թարասով

Տաւուշի խնդրով  Թուրքիան  իւղ լեցուց կրակին վրայ.Թարասով

Հիմնաւորուած չեն կանխատեսումները այն մասին, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի մագլցումը կը դառնայ լայնածաւալ: Այս մասին  ըսած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի հարցերով ռուսազգի   փորձագէտ՝ Սթանիսլաւ Թարասով: Ան յիշեցուցած է,  որ սահմանին սրման ֆոնին միջնորդ ըլլալու իրենց պատրաստակամութեամբ հանդէս եկած են Ռուսաստանը, Իրանը եւ ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբը, սակայն այս մակարդակը չի բաւարարեր Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը: «Տեսէք, թէ իրադարձութիւնները ինչպէս կը զարգանան ուքրանական ուղղութեամբ՝ Տոնպաս, Լուկանսք եւ Տոնեցք: Այնտեղ կը գործէ Նորմանտական քառեակի ձեւաչափը, իսկ ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները` դեսպաններու կարգավիճակով: Այս առաջին պահը:

Երկրորդ պահը՝ ապրիլեան ճգնաժամը ցոյց տուաւ, որ սուր իրավիճակներու պարագային, միջնորդական կարգաւորման գործով իրական յստակ մասնակցութիւն կը դրսեւորէ, Ռուսաստանը: 2016-ի ապրիլեան իրադարձութիւններէն ետք Փութին անձամբ մասնակցեցաւ մագլցումի կասեցման,  գործի  դնելով  Վիեննայի եւ Սէյնթ Փիթըրսպըրկի պայմանաւորուածութիւնները: Այնուհետեւ Իլհամ Ալիեւ եւ Նիկոլ Փաշինեան համատեղ ջանքերով  դէպի  այդ    դիրքը հանեցին օրակարգէն:

Երրորդ պահը՝ Փաշինեանն ու Ալիեւը կարգաւորման հիմնական սկզբունքներու շուրջ երկխօսութիւն չեն վարեր, որոնք կը սահմանուին  բոլորիս  յայտնի Մատրիտեան սկզբունքներով: Անոնք կը խօսին ինչ որ մարդասիրական խնդիրներու մասին, վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման եւ այլ մօտեցումներու մասին: Այսինքն՝ իրավիճակը բովանդակազրկուած էր: Ես կը ցանկամ ուղիղ, հեղինակաւոր եւ քաջատեղեակ կերպով ըսել, որ այս  վիճակին հնարաւոր չէր հասնիլ միայն մէկ կողմի ջանքերով: Ասոր համար կը պահանջուի երկու կողմի համաձայնութիւնը եւ  այս կը նշանակէ, որ Ալիեւի եւ Փաշինեանի միջեւ համաձայնութիւն կայ: Այս ճանապարհին անոնք  մէկդի  նետեցին Վիեննայի եւ Սէյնթ Փիթըրսպըրկի պայմանաւորուածութիւնները, այնուհետեւ   մէկդի  նետեցին բանակցային գործընթացը, եւ  այդ կը նշանակէր, որ  պէտք է սկսիլ ինչ որ նոր փուլ: Բայց ինչ որ բան խափանուած է, Տաւուշի իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ ինչ որ բան խափանուած է: Պատկերացնել, որ Ատրպէյճանը կը սկսի Լեռնային Ղարաբաղէն 30 քմ հեռաւորութեամբ, Հայաստանի տարածք ներխուժելու   աքթ  յիմարութիւն է, իմանալով, որ այստեղ կանգնած է ՀԱՊԿ-ը (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն): Այս բախումը առաւել հաւանական կ'ըլլար ղարաբաղեան ճակատին վրայ: Իսկ ղարաբաղեան ճակատը հանդարտ է»,- ըսաւ Թարասով:

Ինչ կը վերաբերի հայկական կողմին, փորձագէտի կարծիքով՝ ան օգտուած է այն փաստէն, որ «ՈւԱԶ»-ը հատած է սահմանը. «Ես կը կասկածիմ, որ հայ զինուորականները եւ հայկական Գլխաւոր շտաբը Տաւուշի մարզի միջադէպը կը գնահատեն միանգամայն այլ դիրքէ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մենք կը յիշենք, որ 2016-ի ապրիլեան պատերազմին նախորդած էին, կրկին Թովուզի շրջանի իրադարձութիւնները: Եւ Հայաստանի զինուորականները գուցէ սա գնահատած են, որպէս Ատրպէյճանի շեղող զինուորական շարժում նոյն հատուածին մէջ, այն նպատակով, որ ռազմական գործողութիւններ սկսին ղարաբաղեան ուղղութեամբ: Անոնք այդպէս մտածելու իրաւունք ունին: Ես չեմ ցանկար ըսել, որ այդպէս ալ եղած է: Այո՛, անոնք այդպէս մտածելու իրաւունք ունին, եւ նախաձեռնած են նախազգուշացնող բնոյթի որոշակի գործընթաց»:

Անդրադառնալով պաշտօնական Անքարայի յայտարարութիւններուն Ատրպէյճանին ռազմական օգնութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան մասին, Թարասով նշեց, որ միջազգային կազմակերպութիւնները հանդէս եկած են յայտարարութիւններով, հրադադարի կոչով, մինչդեռ Թուրքիան որոշած է կրակին վրայ իւղ լեցընել, կատարելով սադրիչ յայտարարութիւններ. «Այս պահուն համաշխարհային հանրութիւնը պատրաստ չէ ընկալելու խոշոր ռազմական հակամարտութիւն, բայց եթէ, պատերազմ սկսի, անկախ ամէն ինչէ, մեղաւոր կողմը կը մնայ Ատրպէյճանը: Չնայած բարձրագոչ յայտարարութիւններուն, Անքարան Եւրոպայի հակաթրքական տրամադրութիւններու ֆոնին չի մտներ աշխոյժ գործողութիւններու փուլ, ինչպէս նաեւ չի փճացներ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները: Ատրպէյճան իր հերթին այսպիսի իրավիճակի մէջ  առանձինն չի մտներ Հայաստանի հետ  հակամարտութեան մէջ: Նման մակարդակի հակամարտութիւններ վարելու համար անհրաժեշտ է, ի հարկէ, արտաքին խաղացողներու մասնակցութիւն»:

Այս բոլորէն բացի, հիմա Թուրքիան զբաղած է Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ իր հարցերով, ինչպէս նաեւ կը փորձէ իր խնդիրները լուծել երկրէն ներս: «Այս ֆոնին Թուրքիան չ'երթար Ռուսաստանի հետ հակամարտութեան, ան հիմա անոր ժամանակը չունի: Թուրքիան հիմա Ատրպէյճանին աջակցութիւնը կը հռչակէ միայն բառերով»,- նշեց Թարասովը:

 

 Նիւթը՝   «Նիւզ.ամ»էն