image

4 Անյայտ կորսուած զինուորներու խնդրով հայց՝ ռուսական կեդրոնին

4 Անյայտ կորսուած զինուորներու խնդրով հայց՝  ռուսական կեդրոնին

Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կորսուած զինծառայողներու մասին տուեալներու հաւաքագրման թէժ գիծը դիմումներ ստացած է 4 անհետ կորսուած զինծառայողի վերաբերեալ: Այս մասին թելեկրամեան ալիքին միջոցաւ յայտնած են ՌԴ խաղաղապահ առաքելութենէն:

«Այսօր՝ 20 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղի) կորսուած զինծառայողներու մասին տուեալներու հաւաքագրման թէժ գիծին 4 անհետ կորսուած զինծառայողի վերաբերեալ դիմումներ ստացուած են: Տուեալները ստուգուած են, մշակուած եւ փոխանցուած են Խաղաղապահ առաքելութեան վերահսկման կեդրոնի որոնողական ջոկատներուն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի վաղ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը յայտնած էր, որ թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ իրականացուող որոնողական աշխատանքներուն շնորհիւ ԱՀ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան, Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ռուսական զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերով աւելի քան 70 օր անյայտութեան մէջ հերոսաբար մաքառած մեր 6 ժամկէտային զինծառայողները վերադարձած են հայրենիք: