image
Հրատապ լուրեր:

Կիպրոսի խնդրով Նիւ Եորքի մէջ բանակցութիւններ պիտի կայացուին

Կիպրոսի խնդրով Նիւ Եորքի մէջ բանակցութիւններ պիտի կայացուին

 

Նիւ Եորքի մէջ Կիպրոսի շուրջ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան առաջիկայ երկու ամիսներուն՝ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մասնակցութեամբ, այսօր յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, գրած է Reuters գործակալութիւնը։

 

Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ բանակցութիւններէն ետք Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ դաշինքը մինչ այժմ «անտեսած է թրքական կողմի իրաւունքները»։

«Մենք անոնց փոխանցեր ենք, որ այդ վստահութիւնը պէտք է վերականգնուի»,-ըսած է ան:

Չաւուշօղլուն նշած է, որ փետրուարի վերջը կամ մարտի սկիզբը Թուրքիան, Յունաստանը, Մեծ Բրիտանիան եւ ՄԱԿ-ը բանակցութիւններու պիտի հրաւիրեն կիպրոսեան երկու կողմերը։ Բանակցութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոմիութիւնը՝ որպէս դիտորդ։

ՄԱԿ-ը տասնամեակներ շարունակ կը փորձէ վերամիաւորել Կիպրոսը, որ պառակտուած է 1974 թուականին`թրքական ներխուժման հետեւանքով: Կիպրոսը վերամիաւորելու վերջին փորձը ձախողած է 2017 թուականին տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք, որուն մասնակցած են բոլոր կողմերը։

Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը որպէս անկախ պետութիւն կը ճանչնայ միայն Թուրքիան։