image

Սուրիոյ ընտրութիւններուն՝ 3 հայ թեկնածուներ

Սուրիոյ  ընտրութիւններուն՝  3 հայ թեկնածուներ

Այս  առաւօտ  ընթացք առած   խորհրդարանական   ընտրութիւններուն  սուրիահայութիւնը կը մասնակցի    3 թեկնածուներով։

Այս   մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ  ընտրութիւններուն   իրենց թեկնածուութիւնը  դրած  են      Հալէպէն ՝ Ժիրայր   Ռէիսեան  եւ  Լիւսի  Իսքէնեան,      իսկ  Դամասկոսէն  ՝ Նորա   Արիսեան։

Նշենք, որ    Ռէիսեան եւ Արիսեան  արդէն իսկ անդամ էին   Սուրիոյ  գործող  խորհրդարանին, իսկ  Լիւսի  Իսկէնեանի   անունը  առաջադրուած է  Սուրիոյ  իշխող «Պաաս»  կուսակցութեան  կողմէ։

 

Ներկայ  պահու դրութեամբ  ընտրութիւնները  խաղաղ եւ    ապահով       պայմաններու մէջ կը շարունակուին։

Յիշեցնենք, որ 2011  թուականին Սուրիոյ մէջ  սկիզբ առած պատերազմէն ի վեր այս   3-րդ  ընտրութիւններն են, որ կը կայացուին։

Սուրիոյ ժողովուրդը  մասնակցելով այս ընտրութիւններուն  խորհրդարան պիտի հասցընէ  250  երեսփոխաններ։