image

Սուրիոյ մէջ մեր ծրագիրը ձախողեցաւ. Ամերիկացի վերլուծաբան

Սուրիոյ մէջ մեր ծրագիրը ձախողեցաւ. Ամերիկացի վերլուծաբան

ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութիւնը խոստովանած է իր ռազմավարութեան ձախողումը՝ Սուրիոյ մէջ, երբ 2011-ին նախագահ Պարաք Օպամա կոչ ըրած էր պահանջելով Ասատի հեռացումը:  Այս մասին յայտնած է «Մերձաւոր Արեւելք» հետազօտութիւններու կեդրոնի՝ Մերձաւոր Արեւելքի եւ անոր առնչուող՝ արաբա-իսրայէլեան հակամարտութեան հարցերու մասնագէտ հետազօտող Ճոզէֆ  Արոնսընը:

Ըստ Արոնսընի «American Conservative» կայքին վրայ հրապարակած յօդուածին, Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի առճակատումներուն մէջ կը շարունակէ «շփոթահար» մնալ շրջանին մէջ ամբողջական ռազմավարութիւն մը չունենալու պատճառով:

Յօդուածագրի համաձայն, ԱՄՆ Կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Ճոզէֆ Վոթըլ, յայտնի ծերակուտական Լենտսի Կրահընի հետ զրոյցի ժամանակ խոստովանած է, որ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի գլխաւոր նպատակը, որ Ասատի հեռացումով պայմանաւորուած էր՝ ձախողած է:

 

Իսկ ԱՄՆ-ի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ մղած պատերազմի մասին, գրողը ըսած է, որ քրտական ուժերը կը վերահսկեն Սուրիոյ հիւսիսային տարածքի գրեթէ քառորդին վրայ, սակայն անոնք , որպէս ԱՄՆ դաշնակիցներ, մոռցած են Տէր Զօրի մէջ ԱՄՆ-ի «Տահէշ»ի դէմ կռիւներու մասին եւ Ասատի հետ համաձայնած են, որպէսզի վերջինս ապահովէ քրտական ուժերու պաշտպանութիւնը՝ Թուրքիոյ դէմ:


Արոնսըն նաեւ նշած է, ԱՄՆ-ի՝ Տէր Զօրի հիւսիս արեւելեան արուարձանին մէջ Քոնոքօ կազի գործարանը կորսնցնելը՝  յօգուտ Ասատի, կը թուլացնէ Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան վերջին օղակը, որ կը ձգտէր արգիլել՝ սուրիական ռեժիմի հողերու եւ կարեւոր աղբիւրներու վերատիրացումը: