Իսրայէլի եւ մասնաւորապէս Կազայի շուրջ ընթացող գործընթացներուն վերաբերեալ «Արեւելք» մեկնաբանութիւն մը խնդրեց lիբանանցի վերլուծաբան՝ Թաուֆիք Շումանէն։
Ըստ Շուման վերջերս տեղի ունեցած պատերազմին հետեւանքով Իսրայէլ կրած է բազմակողմանի կորուստներ։
Ան մանրամասնելով այսօր ստեղծուած իրավիճակը մասնաւորապէս ըսաւ. «Պաղեստինեան դիմադրութեան եւ իսրայէլեան բռնատիրական բանակի միջեւ տեղի ունեցածի ուսումնասիրութեամբ, կարելի է հաստատել, որ տասնօրեայ պատերազմի ընթացքին Իսրայէլի համար ակնյայտ կորուստներ եղած են:
Նախ եւ ամէնէն ուշագրաւը Թէլ Աւիւի եւ բռնագրաւուած Երուսաղէմի ռմբակոծումն էին. սա կը նշանակէ, որ 1948-էն ի վեր, այսինքն ՝ Իսրայէլ պետութեան հիմնադրումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը թիրախաւորուէին Իսրայէլի քաղաքական մայրաքաղաքը եւ տնտեսական մայրաքաղաքը, ուստի, այլեւս Պաղեստինի դիմադրութեան կամ արաբական որեւէ կողմի եւ բռնատիրութեան բանակի միջեւ ցանկացած ապագայ բախման ժամանակ այս երկու քաղաքները՝ Երուսաղէմը եւ Թէլ Աւիւը, կրակի տակ պիտի ըլլան։ Իսկ այդ կը նշանակէ, որ քաղաքական խորութիւնը, տնտեսական խորութիւնը եւ ժողովրդագրական խորութիւնը, նոյնպէս պիտի թիրախաւորուին: Դարձեալ կը կրկնեմ, սա 1948 թուականէն ի վեր առաջին անգամն է, որ տեղի կ'ունենայ:
Երկրորդ հարցը, այն է, որ, նոյնպէս, 1948-էն ի վեր գոյութիւն ունէր իսրայէլեան ռազմավարութիւն՝ պաղեստինցիներու տարանջատման եւ անոնց վերբերելու որպէս չորս տարբեր խումբեր.
Առաջին խումբը՝ գրաւուած տարածքներուն մէջ ապրող պաղեցտինցիները։
Երկրորդ խումբը՝ Արեւմտեան ափի պաղեստինցիները։
Երրորդ խումբը՝ Կազայի հատուածի պաղեստինցիները։
Չորրոդը՝ Սփիւռքի պաղեստինցիները:
Եղած պատերազմին մենք նկատեցինք նաեւ, որ պաղեստինցիները միաւորուած են մէկ խումբի մէջ, որն է՝ պաղեստինեան ինքնութիւնը, եւ սա, ըստ իս, կը համարուի անկումը իսրայէլեան այն գրաւին, որ Պաղեստինեան երրորդ սերունդը կրնայ մոռնալ իր դատը: Իսրայէլացիները եւ բոլոր աշխարհը տեսան, որ կայ պաղեստինցի մէկ ժողովուրդ։
Երրորդ հարցը. Գետնի վրայ հրետակոծութիւն եղաւ, իսրայէլացիները խոստովանեցան, որ աւելի քան 4000 հրթիռ ինկած է իսրայէլեան տարբեր քաղաքներու վրայ, եւ սա կը նշանակէ, որ իսրայէլեան հետախուզական տեղեկատուութիւն չկար այդ հրթիռներու ուժին, ազդեցիկութեան եւ հեռահարութեան մասին։ Իսրայէլացիք կը խօսին 140 քմ, 160 քմ կամ 240 քմ հեռահարութեան պաղեստինեան հրթիռներու մասին եւ չեն կրնար ճիշդ բնորոշել այդ հրթիռներու տեսակը եւ հեռահարութիւնը. սա հետախուզական եւ անվտանգային շատ մեծ ձախողում է:
Չորրորդ հարցը կապուած է արաբական փոխգործակցութեան հետ։ Առնուազն 15 տարի կ'երեւար, որ Պաղեստինի հարցը նահանջի մէջ էր: Վերջին յարձակման ժամանակ սակայն պարզ դարձաւ, որ Պաղեստինի հարցի շուրջ կայ յստակ արաբական փոխգործակցութիւն, եւ սա հարցը վերադարձուց առաջին դիրքի, այն ժամանակ, երբ իսրայէլացիք կ'ենթադրէին, որ պաղեստինեան հարցի նահանջը պիտի ազդէ իրենց ուզած կարգաւորման ընդհանուր գործընթացին վրայ՝ աւելի շատ հողեր կցելուն, Երուսաղէմը միացնելու եւ այն Իսրայէլի մայրաքաղաք հռչակելուն եւ այս գրաւը եւս ինկաւ:
Վերջին կէտը, որուն մասին նոյնպէս կարելի է խօսիլ՝ ամերիկեան դիրքորոշման մէջ փոփոխութեան ցուցիչներն են. Ճիշդ է, որ ամերիկացիք, ըսին, որ Միացեալ Նահանգներ պարտաւորուած է ապահովել Իսրայէլի անվտանգութիւնը, բայց Պայտըն չորս անգամ զանգեց Բենիամին Նաթանիահուին՝ պահանջելով դադրեցնել կրակը: Սա կը նշանակէ, որ Քոնկրէսի մէջ կոչեր կ'ըլլան, Իսրայէլի հետ արհեստագիտական բարձրորակ զէնքերու նոր գործարքները խափանելու վերաբերեալ: Սա եւս առաջին անգամ է, որ տեղի կ'ունենայ Ամերիկայի մէջ: Կը կարծեմ, որ «երկու տէրութեանց» լուծումը, որ իսրայէլացիները կ'ուզէին տապալել նախագահ Թրամփի օրերուն , դարձեալ յայտնուեցաւ, այդ ամէնը որ կապ ունի դարու գործարքին հետ դարձեալ քննարկման սեղանին դրուեցաւ:Այլ խօսքով Թրամբի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Դարու գործարք»ը նոյնպէս ձախողութեան մատնուեցաւ։