image

Նոր կազմուելիք կառավարութիւնը մեծ պատասխանատւութեան առջեւ պիտի ըլլայ.Վերլուծաբան Սարգիս Պուռունսուզեան

Նոր կազմուելիք  կառավարութիւնը մեծ պատասխանատւութեան  առջեւ պիտի ըլլայ.Վերլուծաբան Սարգիս Պուռունսուզեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ դամասկահայ գործիչ Սարգիս Պուռունսուզեան:

 

-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Յուսամ որ յառաջիկայ ընտրութիւնները արտադրէ եւ տայ մեզի քաղաքական նոր ուժ մը, որ պատմական այս ծանր ժամանակաշրջանին, կարենայ լուծել մեր երկրին առջեւ ծառացած բազում լուրջ հարցերը: Յուսամ, որ խորհրդարանի մէջ ունենանք քաղաքական զօրաւոր ուժեր, որպէսզի մօտ ապագային դահլիճ մը կազմուի, որ ունենայ պէտք եղած քաղաքական մեծամասնութիւն մը՝ խորհրդարանին մէջ:

Որովհետեւ, իսկապէս, Հայաստանի մէջ ներկայ քաղաքական վիճակը՝ այսքան մեծ թիւով կուսակցութիւններու գոյութիւնը եւ ընտրութիւններու մասնակցութիւնը շատ մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ ինծի, ասիկա առողջ վիճակ մը չէ, մանաւանդ երբ գիտենք, որ օրինակ՝ Մեծն Բրիտանիոյ նման երկրի մը մէջ տասէ աւելի կուսակցութիւն չկայ եւ բուն գործօն կուսակցութիւնները 4-5 հատ են: ԱՄՆ-ի մէջ նոյնպէս, երկու մեծ կուսակցութիւններ կան եւ կարգ մը փոքր կուսակցութիւններ, այս է վիճակը նոյնիսկ մեր հարեւան, մեր մնայուն թշնամի Թուրքիոյ մէջ, ուր եւս մեծ թիւով կուսակցութիւններ չկան:

Նոր խորհրդարանը երկու հիմնական մարզերու մէջ շատ կարեւոր ընելիք ունի՝ քաղաքական եւ տնտեսական: Ղարաբաղի մէջ մեր պարտութիւնը ակնյայտ դարձուց ներկայ իշխանութեան ռազմավարութեան սխալ ըլլալը։

 Գործող իշխանութիւնները մասնաւորապէս արտաքին քաղաքականութեան մէջ  մեծ սխալներ  գործեցին, երբ ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւնը ուղղեցին դէպի Եւրոպա, անտեսելով Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը։Եւ այդ  բոլորի հետեւանքը ակներեւ դարձաւ  44-օրեայ պատերազմի ժամանակ։

Իսկ տնտեսական մարզին մէջ, ներկայ իշխանութիւնը որեւէ մէկ կարեւոր լուծումներ չկրցաւ գտնել եւ մնաց նոյն նախկին տնտեսական քաղաքականութեան վրայ, որ կը յենի հիմնականին մէջ զբօսաշրջութեան եւ արտերկրէն եկող փողերուն վրայ: Այս երկու տարուան մէջ չկրցաւ ստեղծել որեւէ տնտեսական լուրջ ձեռնարկ մը: Այսօր անընդունելի է մեզի համար Ազգային տնտեսութիւնը յենել միայն զբօսաշրջութեան եւ սփիւռքէն ուղարկուած փողերուն վրայ, այլ պէտք է յենին Հայաստանի մէջ եղած արտադրութիւններու վրայ, զանազան մարզերու մէջ՝ հողագործութիւն, շինարարութիւն, արհեստագիտութեան վաճառում եւ այլն: Միայն այդպէս կարելի է ամրապնդել Հայաստանի տնտեսութիւնը:

 

-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։

Իսկապէս մեծ մտահոգութիւններ ունիմ, եթէ շարունակուի ներկայիս առկայ լարուած քաղաքական իրավիճակը: Յուսամ, որ օր մը չենք արթննար դարձեալ տեսնելով, որ զոհեր ունինք, ինչպէս պատահեցաւ երբ սպաննուեցան Կարէն Տէմիրճեանը եւ Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանը: Եթէ այս համար քաղաքականութիւնը շարունակուի եւ ներկայ իշխանութիւնները չզիջին եւ առաւել եւս ճկուն չըլլան, կրնան ներքին խռովութիւններ ըլլալ ՀՀ-ի մէջ:

 

-Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։

Ղարաբաղեան պարտութիւնը մեծ մտահոգութիւն պատճառեց ամբողջ հայութեան եւ այսօր գլխաւոր հարցումը մեզի համար, ըլլայ սփիւռքի կամ հայրենիքի մէջ, հետեւեալն է՝ մենք ի՛նչպէս պիտի դաստիարակենք եկող սերունդները, եւ ինչպէս պիտի ըսենք, որ մենք պարտուած ժողովուրդի՞ մը կը պատկանինք: Այս առումով, յառաջիկայ կառավարութիւնը պատմական մեծ պատասխանատուութեան մը առջեւ է, պէտք է կողմնորոշուի եւ պէտք է յստակօրէն իր ռազմավարութիւնը ունենայ, ե՛ւ արտաքին, ե՛ւ ներքին քաղաքականութեան մէջ:

Այսօր Ղարաբաղի պատերազմի արդիւնքի հետեւանքով կրնայ ըլլալ մեր կողմնացոյցը կորսնցուցինք, թէ ով է մեր իսկական, թիւ մէկ թշնամին՝ Թուրքիա՞ն, թէ՞ Ատրպէյճանը, որովհետեւ Թուրքիան կրցած է իր ճարպիկ, քաղաքականութեամբ բոլոր կողմնացոյցը ուղղել դէպի Ատրպէյճան: Կարեւորագոյն մտահոգիչ հարց է նաեւ այն, որ մենք պէտք է ունենանք մեր մնայուն դաշնակիցները եւ ոչ թէ՝ յարաբերական դաշնակիցներ:

Իսկ ամենամեծ մտահոգութիւնը եւ սպառնալիքը ՀՀ-ի համար՝ Հայաստանի դատարկումն է հայ տարրէն: Եթէ 20-րդ դարու ամենամեծ հարուածը ստացած ենք ցեղասպանութեան  հետեւանքով, այսօր մենք նոյնպիսի հարուած մը եւս ստացած ենք Ղարաբաղի հարցով։ Եթէ եկող կառավարութիւն չկարենայ հայ մարդը եւ մանաւանդ հայ գիւղացին կապել իր հողին, եւ այդ ուղղութեամբ յստակ ռազմավարութիւն չունենայ, ապա հայոց ապագան, բոլոր հայ ազգի ապագան մութ պիտի ըլլայ:

Բոլոր այս մտահոգութիւնները եկող կառավարութիւնը պատմական պատասխանատուութեան մը առջեւ կը դնեն: