Հաշուի առնելով շարք մը երկիրներու մէջ «քորոնա» ժահրի (COVID-19) տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ համաճարակային վտանգները՝ 15 մարտէն Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը ժամանակաւորապէս պիտի սահմանափակէ քաղաքացիներու հիւպատոսական ընդունելութիւնը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:
«Միեւնոյն ժամանակ կը յորդորենք Սուրիա գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն կանգնիլ հիւպատոսական հաշուառման կամ տրամադրել տեղեկութիւն իրենց գտնուելու վայրի վերաբերեալ՝ ուղարկելով տուեալները (անուն, ազգանուն, հայրանուն, ծննդեան ամսաթիւ, բնակութեան վայր /մարզ, քաղաք/ եւ շուրջօրեայ հասանելի բջիջային հեռախօսահամար) ստորեւ նշուած ել-փոստի հասցէին։
Յիշեցնենք, որ հիւպատոսական հաշուառման կանգնիլը կամաւոր եւ անվճար գործընթաց է, որուն նպատակն է ՀՀ քաղաքացիներու իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութիւնն ապահովելը, արտակարգ իրավիճակներու պարագային հնարաւոր աջակցութիւն ցուցաբերելը, անհրաժեշտ խորհրդատւութիւն տրամադրելը»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։