image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանէն ցորենի հերթական խմբաքանակը դէպի Հայաստան

Ատրպէյճանէն ցորենի հերթական խմբաքանակը դէպի Հայաստան

Այսօր Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան պիտի ուղարկուի պարարտանիւթի եւ հացահատիկի հերթական խմբաքանակը։ Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Կը ճշդուի, որ խօսքը 4 վակոն պարարտանիւթի եւ 4 վակոն հացահատիկի մասին է։

Պիլաճարի կայարանէն վակոններու մեկնումը նախատեսուած է ժամը 11:00-ին։

Յիշեցնենք, որ մինչ այժմ Ռուսիայէն Հայաստան՝ Ատրպէյճանի տարածքով տարանցմամբ մատակարարուած է աւելի քան 25 հազար թոն հացահատիկ, մօտ 2 հազար թոն պարարտանիւթ եւ 68 թոն հնդկացորեն։