image

ԱՄՆ եւ Իրան մօտ են պատերազմի դադրեցման մասին յուշագրի ստորագրման. Axios

ԱՄՆ եւ Իրան մօտ են պատերազմի դադրեցման մասին յուշագրի ստորագրման. Axios

Ուաշինկթըն եւ Թեհրան մօտ են զինուած հակամարտութեան աւարտի մասին մէկէջանոց յուշագրի ստորագրման։ Այս մասին յայտնած է «Axios» հարթակը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրներուն։

Անոնց հաղորդմամբ՝ Հորմուզի նեղուցին մէջ «Ազատութիւն» գործողութիւնը կասեցնելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան որոշումը կապուած է բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացին հետ։

Յուշագիրի նախագիծը հիմնուած է ամերիկեան 14 կէտերէ բաղկացած ծրագրին վրայ, որ կը նախատեսէ տարածաշրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններու դադարեցում եւ 30-օրեայ բանակցային փուլի մեկնարկ՝ նուիրուած Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւագնացութեան, իրանական միջուկային ծրագրին եւ ամերիկեան պատժամիջոցներու չեղարկման հեռանկարներուն։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Թրամփը յայտարարած էր, որ քանի դեռ շրջափակումը կը մնայ լիարժէք ուժի մէջ, «Ազատութիւն» նախագիծը կարճ ժամանակով պիտի դադրեցուի՝ տեսնելու համար, թէ արդեօք համաձայնագիրը կրնայ վերջնականացուիլ եւ ստորագրուիլ, իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ըսած էր, որ Իրանի իշխանութիւնները պատրաստ են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ արդար համաձայնագիր կնքելու՝ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։