image

Պելառուսիոյ ԱԳՆ-ն բողոքի գիր յղած է Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարին

Պելառուսիոյ ԱԳՆ-ն բողոքի գիր յղած է Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարին

Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքի գիր յղած է Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արթուր Սարգսեանին։ Այս մասին յայտնած է Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

«Գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Արթուր Սարգսեանին խիստ բողոք եւ նոթա յղուած է հայկական կողմի վերջին ոչ բարեկամական գործողութիւններուն առնչութեամբ»,- ըսուած է Պելառուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Telegram ալիքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Աւելի վաղ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Ալեն Սիմոնեան յայտարարած էր, որ «Հայաստանը պէտք չէ դառնայ մարզ եւ կառավարուի այնպէս, ինչպէս Պելառուսիան»։

Երեւանի եւ Մինսքի միջեւ յարաբերութիւնները զգալիօրէն վատթարացած են 2024-ին Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի Ատրպէյճան կատարած այցելութենէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ անոր յայտարարութիւններէն ետք։ Այդ ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ քանի դեռ Լուքաշենքոն իշխանութեան գլուխ կը գտնուի, ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ պիտի այցելէ Մինսք։