image

Իրանի հարցով Թրամփ կը խօսի առաջընթացի մասին

Իրանի հարցով Թրամփ կը խօսի առաջընթացի մասին

 

Զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է Իրանի ներկայացուցիչներուն հետ վերջնական եւ ամբողջական համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Այս մասին Truth Social-ի իր էջին գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը։

«Հիմնուելով Փակիստանի եւ այլ երկիրներու խնդրանքին, Իրանի դէմ տարուող արշաւին ընթացքին մեր ունեցած ահռելի ռազմական յաջողութեան եւ, ի յաւելումն, այն փաստի վրայ, որ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է Իրանի ներկայացուցիչներուն հետ վերջնական եւ ամբողջական համաձայնութեան հասնելու ուղղութեամբ՝ մենք փոխադարձաբար համաձայնած ենք, որ քանի դեռ շրջափակումը կը մնայ լիարժէք ուժի մէջ, «Ազատութիւն» նախագիծը (նաւերու տեղաշարժը Հորմուզի նեղուցով) կարճ ժամանակով կը դադրեցուի՝ տեսնելու համար, թէ արդեօք համաձայնութիւնը կրնայ վերջնականացուիլ եւ ստորագրուիլ»,- գրած է Թրամփը։