Սուրիական ռազմական աղբիւր մը յայտնած է «Սանա» լրատուական գործակալութեան, որ Սուրիոյ բանակը Տէր Զօրի անապատին մէջ 1800 քմ2 տարածք ազատագրած է, միաժամանակ մեծ թիւով «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներ ոչնչացնելով:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը 70 զոհ տուած է:
Նշուած է նաեւ, որ բանակը ազատագրման գործողութիւններով հասած է մինչեւ իրաքեան սահմանակից շրջանները:
Բանակը զգալի վնաս հասցուցած է նաեւ ահաբեկիչ զինեալներու զինամթերքին եւ ունեցուածքին: