image

Սուրիոյ բանակը կարեւոր յառաջխաղացք կատարած է Հալէպի մօտ. Al Mayadeen.net

Սուրիոյ  բանակը   կարեւոր  յառաջխաղացք կատարած է Հալէպի մօտ. Al Mayadeen.net

Սուրիոյ  բանակը յաջողած է  կարեւոր յառաջխաղացք կատարել Հալէպի հիւսիսային   հատուածներուն մէջ:  Այս մասին   տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Մայատին» կայանը, յայտնելով նաեւ, որ այս ընթացքով բանակը  իր տիրապետութեան տակ   պիտի առնէ ահաբեկիչ զինեալներու  Գասթէլոյի միակ  ցամաքային ճանապարհը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  այսօր առաւօտ   Սուրիոյ բանակի առաջին ջոկատները  մուտք  գործած են Ալ Մալլահ  անունը կրող   ագարակը: Աղբիւրին համաձայն,  բանակը նոյնպէս ծանր հարուած   տուած է Անգարայի հովանիով գործող «Նուր Ալ Տին Զընքի» անունը կրող    ահաբեկչական  խմբաւորումներուն, ինչպէս նաեւ «Ժայշ Ալ Ֆաթըհ»ի   ջոկատներուն:  Նշենք, որ  վերջին շրջանին «Ալ Զընքի»  ջոկատն էր, որ կրակի  տակ կը պահէր  հայկական  խաղաղ  բնակչութեան շրջանները: