Սուրիոյ բանակը յաջողած է կարեւոր յառաջխաղացք կատարել Հալէպի հիւսիսային հատուածներուն մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Մայատին» կայանը, յայտնելով նաեւ, որ այս ընթացքով բանակը իր տիրապետութեան տակ պիտի առնէ ահաբեկիչ զինեալներու Գասթէլոյի միակ ցամաքային ճանապարհը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ այսօր առաւօտ Սուրիոյ բանակի առաջին ջոկատները մուտք գործած են Ալ Մալլահ անունը կրող ագարակը: Աղբիւրին համաձայն, բանակը նոյնպէս ծանր հարուած տուած է Անգարայի հովանիով գործող «Նուր Ալ Տին Զընքի» անունը կրող ահաբեկչական խմբաւորումներուն, ինչպէս նաեւ «Ժայշ Ալ Ֆաթըհ»ի ջոկատներուն: Նշենք, որ վերջին շրջանին «Ալ Զընքի» ջոկատն էր, որ կրակի տակ կը պահէր հայկական խաղաղ բնակչութեան շրջանները: