image

Սուրիոյ բանակի զինուոր նահատակին թաղման արարողութիւնը՝ այսօր

Սուրիոյ բանակի զինուոր  նահատակին թաղման արարողութիւնը՝ այսօր

Հալէպի մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ երեք տարիէ ի վեր անյայտ կորսուած համարուող եւ օրերս յայտնաբերուած Սուրիոյ բանակի հայ զինծառայող Ժիրայր Քէչէճեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը:

1992-ին ծնունդ նահատակ Ժիրայր Քէչէճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ երկուշաբթի 23 ապրիլ 2018-ին, կէսօրուայ ժամը 1:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յետ յուղարկաւորութեան արարողութեան ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ ներքնասահին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Քէչէճեան նահատակուած է «Ալ Թապաքա» օդակայանի դէպքերուն: 15 յունիս 2017-ին «Արեւելք» մանրամասն լրատուութիւն մը կատարած էր հանգուցեալ  զինուորին մասին  գրելով, որ   ըստ  կարգ մը աղբիւրներու ան 3  տարի առաջ առեւանգուած էր «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ:

Կային  տեղեկութիւններ  որոնց համաձայն Ժիրայր Քէչէճեան մինչեւ վերջերս բանտարկուած կը  մնար նոյն կազմակերպութեան Ռաքքայի բանտերուն մէջ:

Յիշեցնենք,  որ  Ժիրայրի  դին  գտնուած է Ռաքքայի «Ռաթման»  աւանին մէջ ուր նաեւ աւելի  վաղ   յայտնաբերուած էին  34 զինուորներու  դիակներ: