Յունիս 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցած է Նետըրլանտներու Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերով ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Եուսթ Ֆլամանտի հետ։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են առեւտրա-տնտեսական սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ հայկական արտադրանքի՝ դէպի Եւրոպական Միութեան երկիրներ արտահանման կարելիութիւններուն եւ ուղիներուն առնչուող հարցեր։ Նախարարի տեղակալը ներկայացուցած է գիւղատնտեսութեան եւ ծաղկաբուծութեան ոլորտներուն տրամադրուելիք գործնական աջակցութեան ծրագիրները։
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան–Նետըրլանտներ ռազմավարական գործընկերութեան, Երեւանի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովին, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու։