image

Վերականգնել ժողովուրդի եւ հայրենիքի վիրաւոր արժանապատուութիւնը. Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ՝Ժիրայր Ռէյիսեան

Վերականգնել  ժողովուրդի եւ հայրենիքի վիրաւոր արժանապատուութիւնը.  Սուրիոյ Խորհրդարանի  անդամ՝Ժիրայր Ռէյիսեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր՝ Ժիրայր Ռէյիսեանը:

 

-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Առաջին հերթին հարկ է հարց տալ, թէ ի՛նչ են ընտրողներուն ակնկալիքները, եւ արդեօ՛ք անոնք ունին լրիւ վստահութիւնը, որ իրենց ձայնին արժանացած թեկնածուն կարող է արդարացնել իրենց, բնական է, ժողովուրդի եւ հայրենիքի ակնկալիքները: Իսկ իմ պարագային, բնական է, կ'ակնկալեմ շրջափոխութիւն, որ վերականգնէ ժողովուրդի եւ հայրենիքի վիրաւոր արժանապատուութիւնը՝ իր ամբողջական իմաստով եւ մանրամասնութիւններով, իշխանութիւն՝ որ արդարօրէն ու ճակատաբաց կարողանայ մարմնաւորել երկրի ղեկավարի ու ղեկավարութեան սրբազան պարտականութիւնը, առաքելութիւնը:

 

-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։

Արդեօք ձեր գործածած «լարուածութիւն» արտայայտութիւնը օրուայ քաղաքական դէմքերու, կողմերու քմահաճ, կամայական եւ իշխանամոլ դիրքորոշումներու արդի՞ւնք է, թէ՞ յատկապէս հետեւանք եւ ծնունդ՝ ժողովուրդի մեծ թիւով, խոշոր յուսախաբութիւններուն: Անկախ անընդունելի մարդկային, զինուորական, թէ տարածքներու թարմ կորուստներէն, ժողովուրդին համար պարտութեան առընթեր ոչ նուազ ծանր էր եւ ճնշող՝ իր խաբուած ըլլալու հոգեվիճակը, երբ «յաղթելու ենք» պաշտօնական կարգախօսի ետին իրականութիւնը ի յայտ կու գար բոլորովին այլ: Անշուշտ այս եւ այսօրինակ զանազան ընթացքներու հետեւանքով ժողովուրդ եւ իշխանութիւն կապը օրըստօրէ կը վերածուէր ճեղքի, դէպի՝ անջատում, պառակտում տանող վտանգաւոր վիհի: Ի վերջոյ, առանձինն այս կէտը այն լուրջ մտահոգութիւններէն մէկն է, որ կը սպառնայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին՝ իր բազմակողմանի հետեւանքներով: Հետեւաբար, պէտք է իրատես ըլլալ, ճանչնալ վտանգը:

 

-Նոր խորհրդարանի  կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք, ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։

Ընելիք շատ բան կայ, սակայն, ինչպէս սկիզբի պատասխանիս մէջ կ'ըսէի, առաջին հերթին անյետաձգելիօրէն էական է գործնապէս սկսիլ ժողովուրդ-իշխանութիւն խախտած վստահութեան եւ յոյսի վերականգնման, սպիացնել վէրքը՝ վիրաւոր ազգային արժանապատուութեան, որոնցմէ ետք հաստատ կրնամ ըսել, հայ ժողովուրդը, ոչ ուշ, կը վերայառնի որպէս փիւնիկ՝ հայրենիք-Սփիւռք միասնական ճիգերով եւ ազգային յստակ տեսլականով: