Երկիրներու ղեկավարներու միջեւ բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան ընդունուած սովորութիւն է, որ առիթ տրուի լրագրողներուն կարճ ժամանակով մօտենալու ու նկարահանումներ կատարելու: Այդ առթիւ ղեկավարները քաղաքավարական մի քանի խօսքեր փոխանակելէ ետք կ’անցնին փակ հանդիպման: Սակայն, այն ինչ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին բաւական անսովոր երեւոյթ էր եւ զարմանք պատճառեց քաղաքական ու ժողովրդային շրջանակներուն:
Ռուսաստանի նախագահը բաւական երկար խօսելով Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ կան ռուսամէտ դիրքորոշում ունեցող ուժեր, եւ Մոսկուան կը փափաքի, որ այդ ուժերն ու գործիչները առիթը ունենան մասնակցելու ընտրութիւններուն: «Այդ գործիչներէն ոմանք կը գտնուին ազատազրկման մէջ հակառակ, որ ունին Ռուսաստանի անձնագիր», ըսաւ Փութին: Ան թէեւ անուններ չյիշեց, սակայն յստակ էր որ խօսքը կը վերաբերէր տնային կալանքի տակ գտնուող եւ Ռուսական հպատակութիւն ունեցող Սամուէլ Կարապետեանին:
Վարչապետ Փաշինեան բացատրեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չարտօնէր մէկ այլ երկրի քաղաքացիին դառնալ Ազգային Ժողովի պատգամաւորի եւ կամ վարչապետի թեկնածու:
Այս զրոյցին անմիջապէս յաջորդեցին Ռուսաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ելոյթները, որոնք յստակօրէն կը միտէին ազդելու Հայ ընտրողներու տրամադրութիւններուն վրայ: Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Հայաստանը շատ մօտ է այն կէտին, երբ Ռուսաստանը ստիպուած պիտի ըլլայ վերակառուցելու իր տնտեսական յարաբերութիւնները անոր հետ: Այլ մէկ հարցազրոյցի ընթացքին ան կատարեց բաւական տարօրինակ յայտարարութիւն` զգուշացնելով, որ եթէ Հայաստանը միանայ Եւրոմիութեան, այն այլեւս օդային կապ պիտի չունենայ Ռուսաստանի հետ:
«Ներկայիս Եւրոմիութեան երկիրներուն հետ օդային հաղորդակցութիւն չկայ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ԵՄ-ին անդամակցելու պարագային մենք Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութիւն պիտի չունենանք»,- ըսաւ ան:
Օվերչուք շատ լաւ գիտէ, որ Հայաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կը կարօտի երկար ժամանակի, որ կրնայ տեւել 10-15 տարի: Եւրոպական երկիրներուն եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները եւ օդային կապը խզուած են Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառաւ եւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի վերականգնուի ապագային:
Հայաստանի քաղաքացին այդքան միամիտ չէ խորհելու համար, որ պէտք է քուէարկէ Ռուսաստանի նախընտրած թեկնածուին, որպէսզի օդային ճանապարհով կարողանայ մեկնիլ Ռուսաստան:
Օվերչուք միակը չէր, որ անդրադարձաւ Հայաստանի ընտրութիւններուն: Քրեմլինի խօսնակ Տիմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսաստան իրաւունք ունի Հայաստանի հետ քննարկելու յառաջիկայ ընտրութիւններու հարցը, քանի որ երկու երկիրները մօտ յարաբերութիւններ ունին եւ Ռուսաստանի հայկական սփիւռքը կը կազմէ աւելի քան 2 միլիոն մարդ: Նոյն տրամաբանութեամբ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Լիբանանը եւ շարք մը այլ երկիրներ, ուր կան բաւական մեծ թիւով Հայեր, իրենք եւս իրաւունք ունին միջամտելու Հայաստանի ներքին գործերուն: Սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը նման մտդրութիւն չի ցուցաբերեր:
Ռուսաստանի քաղաքական շրջանակները բացայայտ կերպով կողմնորոշուելով «Ռուսամէտ» թեկնածուի կողքին, առաջին հերթին կը վնասեն նոյն այդ թեկնածուին, քանի որ ան կը փորձէ Հայաստանի հանրային կարծիքը համոզել, որ իրենք բացառապէս «Հայամէտ՚ են ու չեն ենթարկուի այլ երկրի թելադրանքներուն:
Այս զարգացումները ունին նաեւ իրենց դրական կողմը: Ռուսաստան այսպէս կոչուած «հիբիրդային» պատերազմի եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու միջոցաւ ընտրողներու վրայ ազդելու փոխարէն, անցած է բացայայտ ձեւով իր թեկնածուին պաշտպանելու աշխատանքին: Այո, Ռուսաստանը ունի Հայաստանը տնտեսապէս սեղմելու գործիքներ, սակայն քաղաքացիներուն կը մնայ որոշել, թէ ո՞ր ուղղութեամբ պէտք է ընթանայ իր երկիրը` ամբողջութեամբ ենթարկուիլ փութինեան Ռուսաստանին որոշումներուն, թէ՞ ընտրել ինքնիշխանութեան ու ազգային շահերուն վրայ խարսխուած ճանապարհը:
04/10/2026
Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»