Սահմանադրական դատարանը մէկ առաքելութիւն ունի՝ արձանագրել զանգուածային եւ կազմակերպուած բնոյթ կրող ընտրախախտումներու փաստը։ Այս մասին Սահմանադրական դատարանի բակին մէջ լրագրողներուն ըսած է փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը։
«Դա ակնյայտ է, ու բոլորի աչքի առաջ եղել, թէ ատելութեան խօսքը, թէ վարչական ռեսուրսի չարաշահումն ու ընդհանրապէս եդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անկախութեան իսպառ դեֆիցիտը:
եդրոնական ընտրական յանձնաժողովը եւ Սահմանադրական դատարանը անկախութեան լրջագոյն խնդիրներ ունեն, ի վերջոյ հաշուի առէք՝ Սահմանադրական դատարանի դատաւորը անձ է, ով մինչեւ վերջերս Քաղաքացիական պայմանագիրում եղել է առանցքային բնոյթի ներկայացուցիչ, համանման իրավիճակ էլ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի դէպքում է առկայ»,– նշած է Վարդեւանեանը։
Անդրադառնալով Սահմանադրական դատարանի անդամներուն՝ Վարդեւանեանը շեշտած է, որ առնուազն երկու սահմանադրական դատաւորներու նկատմամբ իրենք որոշ վերապահումներ ունին, եւ նիստի ընթացքին պիտի ներկայացնեն, թէ ո՛ր անձերուն մասին է խօսքը։
Հարցին, թէ ինչո՞ւ իշխանութիւնը չէ դիմած Սահմանադրական դատարան՝ ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկելու համար, Վարդեւանեանը պատասխանած է, որ իր կարծիքով իշխանութիւնները եւս ունին այն տեղեկանքը, որ այդքան թմբկահարուած ընտրակաշառքները իրականութեան մէջ չեն եղած։