image

Ըստ ԱՊՀ երկիրներու քարտուղարին` Հայաստանի վիճակը պիտի կայունանայ

Ըստ ԱՊՀ երկիրներու քարտուղարին` Հայաստանի վիճակը պիտի կայունանայ

Խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի մէջ իրավիճակը պիտի կայունանայ, եւ ասոր համար նախադրեալներ կան։ Այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւը։

Հարցին, թէ արդեօք այժմ նախադրեալներ կա՞ն, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կայունանայ, Լեպետեւ դրական պատասխան տուած է։

«Այո՛, կը կարծեմ, որ կան, որովհետեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ ներկայիս իրենք չեն պատրաստուիր դուրս գալ ԵԱՏՄ-էն։ ԱՊՀ-էն դուրս գալու մասին ընդհանրապէս խօսք չկայ. անոնք կը շարունակեն մնալ մեր կազմին մէջ»,– ըսած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը։

Լեպետեւ նշած է, որ ԱՊՀ-ի Տնտեսական խորհուրդի այսօրուան նիստին ներկայ եղած է Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչը, որ մասնակցած եւ ստորագրած է փաստաթուղթեր։

«Մենք կը յուսանք, որ ամէն ինչ բնականոն պիտի ընթանայ»,– աւելցուցած է ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղարը։