«Իմ կարծիքով Սուրիան պիտի չբաժնուի, սակայն մտավախութիւններ ունինք, որ Հալէպ քաղաքը աւելիով կրնայ կործանիլ»,-«Արեւելք»-ին յայտնեց հալէպահայ գործիչ եւ գործարար Լեւոն Զաքի:
Ան սուրիական հակամարտութիւնը իր դիտանկիւնէն ներկայացնելով, ըսաւ. «Սուրիոյ մէջ այսօր կան հիմնական երեք ուժեր: Առաջինը իշխող համակարգն է՝ կառավարութիւնը, որուն Ռուսիան թիկունք կանգնած է: Երկրորդը՝ քիւրտերն են, այսօր, չենք կրնար ուրանալ 10 առ 100 բնակչութիւն մը. ասոնք կան եւ պիտի մնան եւ ասոր հաշիւը պէտք է ըլլայ: Երրորդը՝ սիւննիներն են, այսպէս կոչուած ծայրայեղ սիւննիները: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր կռնակին զօրաւոր ուժ մը, ինչպիսիք են` Ռուսիան, Ամերիկան, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը: Հիմնականին, ենթահողին վրայ այս երեք ուժերն են, որոնք վերջ ի վերջոյ պիտի նստին բանակցութեան սեղան, կրնան համաձայնիլ, ինչպէս որ եղաւ Լիբանանի Թաէֆի համաձայնութեան եւ բազմակողմանի կառավարութիւն մը մէջտեղ գալով: Կրնան չհամաձայնիլ եւ երկիրը բաժնուի երեքի: Եթէ բաժանում պիտի ըլլայ, բոլոր սահմանները յստակ են, բացի մէկ քաղաքէ, որ Հալէպն է: Բոլորին հայեացքները հոն ուղղուած են, բոլորը կ′ուզեն ձեռք բերել զայն: Երբ կողմերը բանկցութեան սեղան հասնին, պէտք է խնդիրներու 80-85 առ հարիւրի լուծումները յստակ ըլլան: Այդ համաձայնութիւնները կրնան ըլլալ, Հալէպ պիտի մնայ աւարտին, որովհետեւ բոլորին պահանջքն է: «Ժապհաթ ալ Նուսրա»ն կամ Տահէշը պարզապէս միջոցներ ու գործիքներ են»:
Մէջբերելով Չէչնիոյ Կրոզնի քաղաքի օրինակը, ան ընդգծեց. «Չէչնիոյ պատերազմին, Ռուսիա բոլոր կողմերը բերաւ բանակցութեան սեղան, բոլորն ալ համաձայնեցան, բացի անկէ, որ իւրաքանչիւրը կ′ուզէր Կրոզնին ձեռք ձգել, ինչպէս որ այսօր բոլորը կ'ուզեն Հալէպին տիրանալ: Ռուսը առաջարկեց այդ ժողովը շաբաթով մը յետաձգել: Այդ շաբթուան ընթացքին այդ քաղաքը գետնին հաւասար եղաւ: Ժողովականները յաջորդ հանդիպման իրենց պահանջէն ետ քաշուեցան եւ համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ:
Այսօր բոլորն ալ կ′ընդունին, որ իշխող համակարգը պէտք է մնայ, սիրողն ու չսիրողը այսօր համաձայնած են այս կէտին շուրջ: Երբ կ′ըսենք համակարգ, անհատներու մասին չենք խօսիր, նախագահները կրնան փոխուիլ, այլ կը խօսինք բանակին մասին, կը խօսինք կառավարութեան մասին, կը խօսինք կազմակերպական մարմնի մասին: Այս համակարգը պէտք է շարունակուի, որեւէ գնով բոլորը համոզուած են ասոր: Բարեբախտաբար երեք ուժերն ալ բաժնուած Սուրիա մը չեն ուզէր: Քիւրտը առանձին կառավարութիւն չի պահանջէր, ան ապակեդրոնացում կ′ուզէ: Սիւննին ալ չ′ուզէր, որպէսզի չի մնայ անապատին մէջ, հոն եղած քիչ մը բամպակն ու ցորէնը բաւարար չեն իրեն: Կը կարծեմ, որ խնդիրները դէպի համաձայնութիւն կ′երթան, կառավարութեան մէջ որոշ աթոռներու եւ պաշտօններու բաժանմունքով, Սուրիան պիտի չի բաժնուի այսօրուան տուեալներուն համաձայն, սակայն Հալէպ կրնայ աւելի կործանիլ», -շարունակեց ան:
«Հալէպի 65 տոկոսը կործանած է: Ամէնէն կարեւոր մասերը, հին պատմական շուկաները, մեծ մզկիթներն ու եկեղեցիները կործանած են: Մնացած են միայն քարաշէն մի քանի արեւմտեան թաղամասեր, որ մեր քրիստոնէական եւ հայկական թաղամասերն են, ուր յատկանշական կառոյցներ չկան, անոնք պարզապէս շէնքեր են, որոնք կրնան շուտով վերաշինուիլ: Քաղաքին կարեւոր հատուածին կործանումէն ետք, այս շէնքերու փլուզումը իմաստ չունի, կրնայ ըլլալ այդ աստիճանի հասնի, որ կողմերու միջեւ համաձայնութեան պահուն, Հալէպը, այնքան ալ հրապուրիչ չ′ըլլայ: Բայց Հալէպը կը մնայ աշխարհի ամենահին բնակեցուած քաղաքը, Մետաքսի առեւտրական ճանապարհի կարեւորագոյն կէտերէն մին: Հալէպի անունը պատմութեան մէջ կը մնայ կայուն: Կրկին պիտի վերաշինուի, բայց ո՞ր ուժը պիտի իրագործէ այդ մէկը կը մնայ հարցական»:
Նշենք, որ հայ գործարարը նախագահն է «Սուրիա-հայկական առեւտրական խորհուրդ»ին: