image

Նիճէրիոյ մէջ անորոշ հիւանդութիւնը մեծ մտահոգութիւններու առիթ

Նիճէրիոյ մէջ   անորոշ  հիւանդութիւնը  մեծ մտահոգութիւններու առիթ

Վերջերս, Նիճերիոյ մէջ տարածուած է նոր տեսակի  մը, որուն պատճառաւ մահացած է աշակերտուհի մը, եւ հիւանդացած  են 30-է աւելի աշակերտներ, այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  vdl.me կայքէն:

Բրիտանական «The Sun» լրատուական կայքին համաձայն, այս անորոշ ախտին մասին որեւէ տեղեկութիւն տակաւին չկայ, եւ երկրի առողջապահութեան պատասխանատուները սկսած են ընդլայնուած հետազօտութիւն:

Յիշուած է, թէ ախտը սկսած է տարածուիլ, Նիճերիոյ հիւսիսային արեւմտեան կողմը գտնուող Սoքoթօ նահանգի գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ: Անիկա մտահոգիչ կը համարուի, որովհետեւ վարակիչ է: Տարածուած նկարները ցոյց տուած են, թէ ինչպէս դպրոցի աշակերտները հիւանդանոցի գետիններուն վրայ պառկած են:

Ի դէպ նահանգի առողջապահութեան պատասխանատուները յիշած են, որ հիւանդ աշակերտներէն առած են պէտք եղած նմոյշները, ուսումնասիրութեան համար:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, հիւանդութիւնը կրնայ ախտորոշուիլ որպէս meningitis, նկատի առնելով նոյն ախտանիշները՝ գլխացաւ, տաքութիւն, կարծրացած վիզ, բայց իշխանութիւնները հերքած են այդ ախտորոշումը:

Անցեալ փետրուարին, Թանզանիոյ մէջ նաեւ անորոշ ախտ մը տարածուեցաւ, որուն հիմնական ախտանիշն էր, արեան  փսխումն ու սիրտխառնուքը: Այդ հիւանդութիւնը խլեց 15 հիւանդի կեանք: