Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրամ Իմամօղլուն 6 յունուարին այցելած է Հայոց պատրիարքարան եւ շնորհաւորած հայերու Սուրբ Ծնունդը։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ը, Պոլսոյ հայոց պատրիարք, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը 6 յունուարին կազմակերպուած Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան դիմաւորած է նաեւ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրամ Իմամօղլուն։
Պոլսոյ քաղաքապետը Մաշալեանի խօսքէն ետք շնորհաւորած է հայերը՝ շեշտելով, որ 2020–ը պիտի ըլլայ պատրիարքարանի նոր աշխատանքներու տարի։
Հայոց պատրիարքարան այցէն ետք Իմամօղլու այցելած է Եէշիլքէոյի հայկական Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի եւ հանդիպած հայ համայնքի հետ։
