image

Սուրբ ծննդեան տօնին առթիւ Էքրամ Իմամօղլու Պոլսոյ Պատրիարքարան այցելեց (Լուսանկար)

Սուրբ ծննդեան տօնին առթիւ Էքրամ Իմամօղլու Պոլսոյ Պատրիարքարան այցելեց (Լուսանկար)

Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրամ Իմամօղլուն 6 յունուարին այցելած է Հայոց պատրիարքարան եւ շնորհաւորած հայերու Սուրբ Ծնունդը։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ը,  Պոլսոյ հայոց պատրիարք, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը 6 յունուարին կազմակերպուած Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան դիմաւորած է նաեւ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրամ Իմամօղլուն։

Պոլսոյ քաղաքապետը Մաշալեանի խօսքէն ետք շնորհաւորած է հայերը՝ շեշտելով, որ 2020–ը պիտի ըլլայ պատրիարքարանի նոր աշխատանքներու տարի։

Հայոց պատրիարքարան այցէն ետք Իմամօղլու այցելած է Եէշիլքէոյի հայկական Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի եւ հանդիպած հայ համայնքի հետ։

 

FOTO: İşhan Erdinç