image

«Սետըր 1»ի քուլիսները. Լիբանանցի պաշտօնեաները «անարգուած են»

«Սետըր 1»ի քուլիսները. Լիբանանցի պաշտօնեաները  «անարգուած  են»

Լիբանանցի լրագրող Եասէր  Հարիրի  « «Cedar -1»ը պայմաններ սահմանեց եւ կ'ուզէ վերահսկել գումարի ծախսման վրայ» խորագրով յօդուածին մէջ գրած է, որ սա  «Փարիզ 4» խորհրդաժողովի կողմէ ուղղուած ամենամե վիրաւորանքն է Լիբանանցի տարբեր մակարդակի պաշտօնեաներուն, որոնց ուղղակի կերպով պատասխանատու կը ճանչնայ կաշառակերութեան, մսխումի եւ պետութիւնը ու անոր կառոյցները  ջլատելու մէջ:

«Այս Լիբանանի պաշտօնեաներուն եւ անոնց կուսակցութիւններու ուղղակի վիրաւորանք ու մեղադրանք է»,- ըսած է կուսակցութեամն մը ներկայացուցիչը, աւելցնելով, որ «Լիբանանին վարկեր յատկացնող պետութիւնները իրենց պայմաններուն մէջ յստակօրէն ըսած են, որ գումարներու ծախսման եղանակները Լիբանանի վարչակազմերու կողմէ տեղի պիտի չունենայ, այլ պիտի կատարուի վարկատու պետութիւններուն անմիջական հսկողութեամբ»:

Աղբիւրին  համաձայն, սա ուղղակի իմաստով կը նշանակէ, որ գերատեսչութիւններու եւ խորհուրդներու պատասխանատուները  չեն կրնար ծախսումներ ընել, առանց այդ երկիրներու վերահսկողութեան եւ սա կ'արտացոլէ միջազգայի  հանրութեան իսկական կարծիքը Լիբանանի կառավարութեան եւ վարչակազմերու մասին: