image
Հրատապ լուրեր:

«Տոպրակներու մէջ դեղեր ...» Լիբանանցիներուն համար սպասելի նուէր դարձած են ... ամէնօրեայ սովորական դեղերը

«Տոպրակներու մէջ դեղեր ...» Լիբանանցիներուն համար սպասելի նուէր դարձած են ... ամէնօրեայ սովորական դեղերը

Լիբանան մեկնող ճամբորդները այլեւս կարիք չունին երկար մտածելու թէ ինչ նուէր պէտք է տանիլ իրենց ընտանիքի անդամներուն ու հարազատներուն։ Պայուսակները կը լեցուին արժէքաւոր այդ նուէրներով՝ դեղորայքով՝ «Փանատօլ»ով, ճնշումի եւ  այլ  «առաջին անհրաժեշտութեան»  դեղերով։: Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ lebanon24 կայքէն:

Աղբիւրը նշած է, թէ Լիբանանի մէջ դեղորայքը սպառումի եզրին է, եւ գրեթէ անգտանելի, յատկապէս երբ կառավարութիւնը կասեցուց իր նեցուկը դեղորայքի նկատմամբ, տնտեսական սուր տագնապի հետեւանքներով: Այս օրերուն պանդխտութեան մէջ գտնուող լիբանանցիներէն շատեր, որոնք կը վերադառնան հայրնիք, իրենց հետ կը տանին տոպրակներով դեղորայք, ընդառաջելով իրենց հարազատներու պահանջին: «Մուրացկաններու երկիր դարձանք» ցաւով կը կրկնեն լիբանանցիք:

Աղբիւրը նշած է նաեւ թէ Լիբանանի դեղորայք ներմուծողներու սենտիքան յայտարարութիւն տարածած է, ուր կ'ըսէ թէ «երկրի ներմուծման գործընթացը ընդհանրապէս դադրած է աւելի քան մէկ ամիս է»: Ան շեշտած է, թէ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան պարտքերը դեղեր արտադրող ընկերութիւններուն հատած է 600 միլիոն տոլարի սահմանները: Ներմուծողները իրենց կարգին զգուշացուցած են, որ նոյնիսկ դեղերու պահեստները սպառած են:

«Ֆրանս Փրէս»-ի հետ զրոյցին, դեղեր ներմուծողներու սենտիքայի նախագահ՝ Քարիմ Ժպարա ըսած է թէ «Վիճակը քաոսային է.. եւ յուլիսի վերջաւորութեան, հիւանդները պիտի զրկուին իրենց դեղերէն»: Եւ ըստ սենտիքային, միակ լուծումը այն է, որ կառավարութիւնը շարունակէ իր նեցուկը՝ դեղերուն եւ այդ ընէ Առողջապահութեան նախարարութեան առաջնահերթութեան ցուցակին համաձայն: