image
Հրատապ լուրեր:

Խաչիկ Քէօսէեանի սրտառուչ հրաժեշտի խօսքը՝ զարմիկին՝ Սարգիս (Սագօ) Լուսարարեանին

 Խաչիկ Քէօսէեանի սրտառուչ հրաժեշտի խօսքը՝ զարմիկին՝ Սարգիս (Սագօ) Լուսարարեանին

Լիբանանահայ համայնքային գործիչ Խաչիկ Քէօսէեան իր զարմիկին՝ Սարգիս (Սագօ) Լուսարարեանի մահուան առիթով յուզիչ տողերով կը յիշէ անոր հետ կապուած մանկութեան յուշերը, մարդկային առաքինութիւնները, համեստ նկարագիրն ու հայ ընտանիքներուն հանդէպ ցուցաբերած բարեացակամութիւնը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Խաչիկ Քէօսէեանի գրութիւնը՝

Այսօր մեր ընտանիքէն բաժնուեցաւ զարմիկս՝ Սագօն, Լուսարարեան Սագօն: 

Մանկութեան մեր ուրախ օրերու յիշատակները մէկ մէկ եկան ու անցան երբ մահուան տխուր լուրը առի: Սագօն զարմիկէ մը աւելի էր, ընկեր էր, եղբայր էր, լսող էր, խօսակից էր... եւ տարիներու երկայնքին իր ապրած կեանքով, անկոչ խորհրդատու էր՝ իր հանդարտ եւ համբերատար խառնուածքին ընդմէջէն միշտ մղելով եւ ուղղելով դէպի առողջ որոշումներ առնելու, մի՛շտ հիմք ունենալով դրականը եւ բարին:

Եղբօր՝ Յակոբին հետ ան իր ասպարէզի ճանապարը հիմնեց, եւ որովհետեւ բարին եւ դրականն էր իրենց ուղին, անոնք հիմը դրին եւ բարձրացուցին տասնեակ բնակարաններ եւ շէնքեր, եւ խօսքէն անցնելով գործի, թէկուզ իբր ասպարէզ, հարիւրաւոր հայ ընտանիքներու ապահով տանիք տրամադրեցին: Շատ դէպքերու ականատես եղած եմ, երբ  անոնք ինչ ինչ բարեացակամութիւն, դիւրութիւն, եւ յարմարութիւններ ստեղծած են անոնց համար,  որոնք նոր ընտանիք կազմելու միտումով իբր յաճախորդ կը ներկայանային իրենց. ըսուելիք բաներ չեն, բայց այսքանն ալ ըսեմ՝ պատմութեան համար:

Ինչպէս մոռնամ անոնց հայրը՝ Խորէն քեռայրս, որ 60-ականներու հալէպահայ կեանքի փոթորիկներէն անցած փորձառու մարդ էր. երեւի այդ էր պատճառը որ ան կարողութիւնը ունէր, եւ միայն ա՛ն այդ կարողութիւնը ունէր հանդարտեցնելու ամենաջղային մարդը՝ հայրս: Սագօն ա՛յդ ժառանգած ըլլալով իր հօրմէն, իր կեանքի ընթացքին նոյն ձեւով վարուեցաւ, եւ յաղթահարեց բոլոր դժուարութիւնները:

Վրայ հասաւ անողոք հիւանդութիւնը, որուն նո՛յնպէս համբերութեամբ դիմաւորեց. համբերութեամբ ստացաւ բուժումը, համբերութեամբ կռուեցաւ անոր դէմ, բայց, տարիներ ետք, վերջին արարին, անոր յոգնած մարմինը արդէն չէր կրնար համբերել: Քոյրը՝ Արաքսին, եղբայրը՝ Յակոբը իր ընտանիքով՝ կնոջ Սալբիին, զաւակներուն՝ Խորէնին, Սագոյին եւ Ռոզալինին հետ կանգնելով իրենց հարազատին կողքին, իրենք եւս գործածեցին այդ կախարդական միջոցը՝ համբերութիւնը, եւ ոչ մէկ ճիգ կամ ջանք խնայելով անոր տուին յոյս, խնամք, եւ ամենակարեւորը՝ անսահման սէր: Ահա պատմութիւնը, որ կրնամ երկարել, բայց Սագօն պիտի չուզէր շատ խօսիմ այս մասին, պիտի նայէր շեշտակի, պիտի ժպտար, եւ իրեն յայտուկ համեստութեամբ պիտի ըսէր.- «Պէտք չկայ այսքանին...»:

Հանգչիր խաղաղ, Սարգի՛ս