Հայերէնով եկեղեցական նիւթերու պատրաստութեան ընթացքին «Ուղղափառ» եւ «Օրթոտոքս» եզրերու գործածութիւնը յաճախ կը շփոթուի։ Կիպրահայ համայնքային գործիչ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան իր հրապարակման մէջ կը ներկայացնէ այս երկու եզրերուն միջեւ եկեղեցաբանական տարբերութիւնը՝ կարեւորելով հայ եկեղեցական աւանդութեան եւ դաւանական ինքնութեան նկատառումը։ Ան կը շեշտէ, որ թարգմանութիւնը պէտք է հաշուի առնէ ոչ միայն բառերուն բառարանային իմաստը, այլեւ անոնց եկեղեցական բովանդակութիւնը։
Կիպրահայ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանի էջէն կը կարդանք՝
Կարեւոր եկեղեցաբանական եւ լեզուական ճշդում մը, որ յատկապէս մեր հոգեւորականները, խմբագիրները, լրագրողները եւ հայերէնով եկեղեցական նիւթեր գրողները պէտք է նկատի ունենան։
«Ուղղափառ» եւ «Օրթոտոքս» բառերը բառարանային իմաստով կրնան նոյն գաղափարին վերաբերիլ, բայց հայ եկեղեցական գործածութեան մէջ պէտք չէ անխտիր իրարու տեղ գործածուին։
Յունարէն orthodoxos բառը ինքնին կը նշանակէ «ուղիղ կարծիք», «ճիշդ հաւատք» կամ «ուղիղ դաւանանք»։ Հայերէնի «ուղղափառ» բառն ալ նոյն իմաստն ունի. ուղիղ կամ ճիշդ դաւանանք ունեցող։
Բայց հոս է էական տարբերութիւնը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին իր դաւանանքը բնականաբար կը ճանչնայ իբրեւ ճշմարիտ եւ ուղղափառ դաւանանք։ Մենք նոյն հաւատքի եւ եկեղեցական հաղորդութեան մէջ ենք մեր քոյր եկեղեցիներուն հետ՝ Ղպտի, Ասորի, Եթովպացի, Էրիթրէացի եւ Մալանկարա եկեղեցիներուն։ Այս եկեղեցիներն են այն ընտանիքը, որ հայերէնով արդարացիօրէն կը կոչենք Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներ։
Այսինքն, երբ հայերէնով «Ուղղափառ» կ՚ըսենք, պարզապէս օտար Orthodox բառը չենք թարգմաներ։ «Ուղղափառ» բառով նաեւ դաւանական բովանդակութիւն եւ եկեղեցական ինքնութիւն կը յայտնենք։
Յոյն, Ռուս, Վրացի, Սերպ, Ռումէն, Պուլկար եւ բիւզանդական աւանդութեան միւս եկեղեցիները այլ եկեղեցական ընտանիքի կը պատկանին։ Անոնք Քաղկեդոնի ժողովը եւ յաջորդ տիեզերական ժողովները կ՚ընդունին, մինչ մեր եկեղեցական ընտանիքը Քաղկեդոնի ժողովը չէ ընդունած։ Մենք այսօր անոնց հետ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ չենք։
Հետեւաբար, մեր եկեղեցաբանական տեսանկիւնէն անհեթեթ հակասութիւն մը կը ստեղծենք, երբ մէկ կողմէ կ՚ըսենք, թէ մեր դաւանանքն է «ուղղափառ», իսկ միւս կողմէ նոյն հայերէն աստուածաբանական բնորոշումը կու տանք մեզմէ տարբեր դաւանանք եւ ոչ հաղորդութիւն ունեցող եկեղեցիներուն։
Այդ եկեղեցիները ունին իրենց միջազգային եւ դաւանական անուանումը՝ Օրթոտոքս։ Ուրեմն հայերէնի մէջ շատ աւելի յստակ եւ ճշգրիտ է գրել.
Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցի
Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցի
Վրաց Օրթոտոքս Եկեղեցի
եւ այլն։
Ճիշդ նոյն սկզբունքը արդէն առանց դժուարութեան կը կիրարկենք Հռոմի Եկեղեցւոյ պարագային։
«Կաթողիկէ» բառը իր բուն իմաստով կը նշանակէ «ընդհանրական»։ Սակայն Հռոմի Եկեղեցւոյ դաւանական ինքնութիւնը հայերէնի մէջ չենք արտայայտեր զայն «կաթողիկէ» կոչելով։ Կը գործածենք միջազգային դաւանական ածականը եւ կ՚ըսենք՝ Կաթոլիկ Եկեղեցի։
Ուրեմն ինչո՞ւ նոյն պարզ եւ օգտակար տարբերակումը չպահել «Օրթոտոքս» բառին պարագային։
Օրթոտոքս եւ Կաթոլիկ այստեղ կը գործածուին իբրեւ որոշակի եկեղեցական ընտանիքներ բնորոշող դաւանական ածականներ։
Ուղղափառը, ընդհակառակը, հայերէն բառ մըն է, որ ունի յստակ աստուածաբանական բովանդակութիւն. ուղիղ, ճիշդ դաւանանք ունեցող։
Վերջին տարիներուն, յատկապէս հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ, գրեթէ մեքենաբար ամէն ռուսերէն православный կամ անգլերէն Orthodox բառ «ուղղափառ» կը թարգմանուի։ Արդիւնքը այն է, որ կը կարդանք «Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցի», «Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցի», «Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցի» եւ նման ձեւակերպումներ։
Այդ սովորութեան տարածուած ըլլալը զայն ճիշդ չի դարձներ։
Թարգմանութիւնը բառեր փոխարինելու մեքենական գործողութիւն չէ։ Առաւել եւս, երբ խօսքը դարաւոր եկեղեցաբանական եզրերու մասին է։ Պէտք է գիտնալ, թէ բառը մեր սեփական լեզուին, դաւանութեան եւ եկեղեցական աւանդութեան մէջ ի՛նչ կը նշանակէ։
Ուստի պարզ տարբերակումը հետեւեալն է.
Հայ, Ղպտի, Ասորի, Եթովպացի, Էրիթրէացի եւ Մալանկարա քոյր եկեղեցիները՝ Ուղղափառ։
Յոյն, Ռուս, Վրացի, Սերպ, Ռումէն եւ բիւզանդական նոյն ընտանիքի եկեղեցիները՝ Օրթոտոքս։
Հռոմի եւ անոր հետ հաղորդութեան մէջ եղող եկեղեցիները՝ Կաթոլիկ։
Սա ո՛չ բառախաղ է, ո՛չ ալ անտեղի բծախնդրութիւն։
Բառերը դաւանանք կը յայտնեն։ Իսկ երբ «Ուղղափառ» կ՚ըսենք, պէտք է գիտնանք, թէ որո՛ւ եւ ինչո՛ւ ուղղափառ կը կոչենք։
Ժամանակն է դադրիլ ամէն Orthodox-ը կուրօրէն «Ուղղափառ» թարգմանելէ։