Հայաստան այսօրուընէ կը սկսի TRIPP նախագիծով նախատեսուած երկաթուղիի, ինքնաշարժներու ճամբու եւ ելեկտրահաղորդման գիծերու նախագծման աշխատանքներուն՝ առանց սպասելու հայ-ամերիկեան համատեղ զարգացման ընկերութեան հիմնադրման։
Այս մասին Կառավարութեան նիստին յայտարարած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան՝ նշելով, որ կատարուած աշխատանքները ընկերութեան հիմնադրութենէն ետք պիտի փոխանցուին TRIPP Development Company-ին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտնած է, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու հնարաւորինս արագ բացումը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան ամրապնդման համար։
Յիշեցնենք, որ այսօր Մհեր Գրիգորեան եւ Դաւիթ Խուդաթեան այցելած են Սիւնիքի մարզ՝ տեղւոյն վրայ քննարկելու TRIPP-ի ենթակառոյցներու նախագծման աշխատանքներու մեկնարկն ու հետագայ ընթացքը։