image

Օշին Քէշիշեանի կորուստը (Կենսագրական տուեալներ)

  Օշին Քէշիշեանի կորուստը (Կենսագրական տուեալներ)

Քէշիշեան արժանացած է Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ շքանշանին, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կողմէ։

Ան ունէր քաղաքական եւ ընկերային հարցերու իւրայատուկ տեսակէտներ, որոնք լոյս կը տեսնէին իր «Արմինիըն Օպզըրվըր»ի մէջ։

  Յանուն «Արեւելք»ի մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ  գաղափարի ընկերներուն։

 Հողը  թեթեւ գայ  վրան։

Վաստակաշատ լրագրող, Լոս Անճելըսի «Արմինիըն Օպզըրվըր» շաբաթաթերթի հիմնադիր Օշին Քէշիշեան ոչ եւս է․ ան մահացաւ Հոկտեմբեր 19ին, 91 տարեկան հասակին։

Իր ակադեմական եւ համայնքային բազմաթիւ ձեռնարկներուն կողքին, Քէշիշեան 1969ին հիմնադրած է «Արմինիըն Օպզըրվըր»ը եւ եղած անոր գլխաւոր խմբագիրը։ Անգլիատառ այս շաբաթաթերթը, որ հանրութեան ծանօթ էր պարզապէս «Օպզըրվըր» անունով, կարեւոր դեր խաղցաւ աշխոյժ հայ համայնքին կեանքէն ներս՝ տրամադրելով համայնքային հարցերու անհրաժեշտ լուսաբանութիւն եւ հարստացնելով հայկական լրատուական դաշտը։

Ծնած ըլլալով Երուսաղէմ՝ Քէշիշեան յաճախած է տեղւոյն Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը մինչեւ 1948։ Արաբ-իսրայէլեան պատերազմի պայթումով, անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Ամման (Յորդանան), իսկ մէկ տարի ետք՝ Պէյրութ (Լիբանան)։

Քէշիշեան 1955ին աւարտած է ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը։ Մէկ տարի յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը (AUB), ապա գաղթած է Քալիֆորնիա։ Ան աւարտած է Քալիֆորնիոյ նահանգային Համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը (CSULA) եւ Լա Վըրնի համալսարանը՝ ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայական՝ մարդաբանութեան եւ Ամերիկեան ուսումնասիրութիւններու ճիւղերուն մէջ։ 1959-1961ին ան երկու տարի ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ իբրեւ բուժակ՝ աշխատելով Ուաշինկթըն նահանգի մէկ հիւանդանոցին մէջ։

Խմբագրական իր պարտականութիւններուն կողքին, Քէշիշեան դասախօսած է Լոս Անճելըսի քաղաքային համալսարանին (LACC) լեզուներու բաժնին մէջ, որմէ ետք 27 տարի դասախօսած է Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանին մէջ։

Ան անդամ էր Ամերիկայի եւ Գանատայի Թէքէեան մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ երկար տարիներ անդամակցած է Լոս Անճելըսի Թէքէեան մշակութային միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի Հոգաբարձութեան։

Քէշիշեան մաս կազմած է 1968ին Մոնթեպելլոյի մէջ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի յանձնախումբին։ 1982ին անոր վստահուած էր Ուիլեըմ Սարոյեանի աճիւններու տեղափոխումը Երեւան, Հայաստան։

Քէշիշեան արժանացած է Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ շքանշանին, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կողմէ։

Ան ունէր քաղաքական եւ ընկերային հարցերու իւրայատուկ տեսակէտներ, որոնք լոյս կը տեսնէին իր «Արմինիըն Օպզըրվըր»ի մէջ։

  Յանուն «Արեւելք»ի մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ  գաղափարի ընկերներուն։

 Հողը  թեթեւ գայ  վրան։

 

 Սոյն մահագրութիւնը  պատրաստած են օգտուելով  Օշին Քէշիշեանի մասին «Ասպարէզ»ի     էջերով հրապարակուած   նիւթէն։