image

ՄԵԾԱՐԵՆՑ ԵՒ ՍԻՐՈՒՆԻ՝ ԱՂՕԹՔԻ ՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ ՄԸ

ՄԵԾԱՐԵՆՑ ԵՒ ՍԻՐՈՒՆԻ՝ ԱՂՕԹՔԻ ՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ ՄԸ

Շնորհանդէսի մասնակիցներուն Միացեալ Նահանգներէն իր ողջոյնի խօսքը յղած էր դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, ուր ան կատարուած աշխատանքի առընթեր կ՚անդրադառնար նաեւ գրքի տպագրութեան ծննդոցին։ 

Գեղարուեստական յայտագիրը առիթ տուաւ, որ գիրքի ու հեղինակներու մասին խօսքը շարունակուի բանաստեղծական կենդանի հնչիւնով եւ երաժշտութեամբ։ Այսպէս, բանախօսութեան ընկերացան ասմունքն ու երգը։ Ասմունքեցին Պարէտ կսրկ. Պալըքճըօղլու, Արի Թաշ եւ Անուշիկ Դանիէլեան։ Մեներգով հանդէս եկաւ Գրիգոր Թէրզեան։ Յաւուր պատշաճի ելոյթներ ունեցան հայրենի գրականագէտները, որոնք նոյնպէս արժեւորեցին Մեծարենցի գրական ժառանգութիւնը՝ շնորհաւորելով Սիրունիի հատորին ծնունդը։ Իր սրտի խօսքն արտասանեց նաեւ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ժրաջան ատենապետ Մինաս Մանուկ Մեծատուր, որու նախաձեռնութեամբ կայացած էր այս շնորհանդէսը։ Ան իր եւ թաղային խորհուրդի անունով սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց մասնակցութեան համար։ Շնորհանդէսի աւարտին Տէր-հայրը փափաքողներու համար մակագրեց նորատիպ հատորը։

Ցերեկոյթը աւարտեցաւ հոգեւոր ու մշակութային հաղորդակցութեան ջերմիկ զգացումներով։ Աղօթքը, Սիրունիի վկայութիւնը եւ Մեծարենցի բանաստեղծական խօսքը համախմբեցին ներկաները՝ նորոգելով երկու հեղինակներու հանդէպ երախտագիտութիւնը եւ անոնց ժառանգութիւնը ընթերցումով ու սիրով ապրեցնելու գիտակցութիւնը։

ՄԵԾԱՐԵՆՑ ԵՒ ՍԻՐՈՒՆԻ՝ ԱՂՕԹՔԻ ՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ ՄԸ

Ս. Պատարագ, հոգեհանգիստ եւ գիրքի շնորհանդէս՝ Պիւյիւքտէրէի մէջ

Չորս Աւետարանիչներու տօնին առթիւ, շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 2026-ին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր եւ գրական յիշատակի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւններ եւ Յակոբ Ճօլօլեան-Սիրունիի՝ «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին» հատորի շնորհանդէսը՝ որուն իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհած էր Թուրքիոյ Հայոց Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Միսաք Մեծարենցի կեանքին ու գործին նուիրուած եւ «Անտարես» հրատարակչատան կողմէ Երեւանի մէջ հրատարակուած այս աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստած են ամերիկաբնակ բանասէր ու պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան եւ Պոլսոյ հոգեւորականաց դասէն, բանասէր դոկտ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։

Առաւօտեան ժամերգութենէ ետք, օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Պարէտ կսրկ. Պալըքճըօղլու, Բրկ. Սեւան ուրարակիր դպիր Ճիհանկիւլեան, Բրկ. Գամէր ուրարակիր դպիր Արփաճըք եւ Արի Թաշ։ Երգեցողութիւնները բազմաձայն եղանակաւ կատարեցին ուխտաւոր-կամաւոր դպիրները՝ առաջնորդութեամբ Գրիգոր Թէրզեանի։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, պատարագիչ քահանայ հայրը փոխանցեց օրուան պատգամը՝ բնաբան ունենալով Մատթէոսի աւետարանէն «Այսպէս լուսաւորեսցէ լոյս ձեր առաջի մարդկան, որպէս զի տեսցեն զգործս ձեր բարիս եւ փառաւորեսցեն զՀայր ձեր որ յերկինս է» համարը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի եւ բանասէր-պատմաբան Յակոբ Ճօլօլեան-Սիրունիի հոգիներուն հանգստեան համար։

ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին սարքուած հիւրասիրութենէ ետք, ժամը 14:00-ին եկեղեցւոյ յարակիր սրահին մէջ սկսաւ «Այս հիւանդ, հանճարեղ պատանին» գրքի՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութիւնը վայելող շնորհանդէսը, որուն համայնքային գրասէր շրջանակներու առընթեր իրենց ներկայութեամբ մասնակից դարձան Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ու դասաւանդութեան ամպիոնի վարիչ Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, իր կողակիցը՝ կրթական մշակ Անուշիկ Դանիէլեան, «Համազգային»ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան եւ Մանկավարժական համալսարանի դասախօս Տոց. Քնարիկ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Պիւյիւքտէրէի Ս. Մարիա լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հ. Անտոն Վրդ. Պուլայի։

Շնորհանդէսի գլխաւոր բանախօսն էր Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան՝ ներկայացնելով Յակոբ Սիրունիի վկայութեան արժէքը, Միսաք Մեծարենցի բանաստեղծական աշխարհը եւ այս հատորին հրատարակութեան նշանակութիւնը։ Իր խօսքին մեկնակէտը Սիրունիի ու Մեծարենցի վերջին հանդիպման յուզիչ պահն էր։ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ մէջ, եռաձայն պատարագի օր մը, Մեծարենց իր նորատիպ «Նոր Տաղեր»ը նուիրած էր Սիրունիի եւ քանի մը ընկերներու։ Տասնամեակներ ետք Սիրունի տակաւին խոր յուզումով պիտի վերյիշէր այդ պահը։ Այս յուշէն մեկնելով՝ բանախօսը ընդգծեց գրական ժառանգութեան փոխանցման մարդկային խորքը. «Այն ատեն Մեծարենց իր գիրքը ընկերոջը կը յանձնէր։ Այսօր ընկերոջ վկայութիւնը մեր ձեռքերուն մէջ է։ Գիրքի այդ փոխանցումին մէջ կայ մեր գրականութեան ապրելու եղանակներէն մէկը»։

Անդրադառնալով Մեծարենցի ստեղծագործութեան հոգեւոր երակին՝ քահանայ հայրը առանձնացուց «անանձնական ուրախութեան» գաղափարը, ուրիշին բարիքով ուրախանալու եւ սեփական տառապանքին մէջ անգամ մերձաւորին համար տեղ պահելու բաղձանքը։ Սիրունիի աշխատութեան հրատարակութիւնը արժեւորեց նաեւ իբրեւ կենդանի յիշողութեան հանդէպ պատասխանատուութիւն՝ շեշտելով. «Գիրքը պէտք է բացուի, լեզուն պէտք է լսուի, գրուածքը պէտք է հասնի նոր ընթերցողի մը։ Այս առումով իւրաքանչիւր սերունդ իր բաժին պատասխանատուութիւնը ունի»։